Երեքշաբի, 16 Փետրուարին Հայաստանի Ազգային գրադարանի և Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի միջև ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։
Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան նշեց, որ համագործակցութեան շրջանածիրէն ներս «Ազդակ»-ի 100-ամեակին՝ 2027 թուականին, Ազգային գրադարանը կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը։ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան Հայաստանի Ազգային գրադարանին նուիրեց 1927 թուականէն առ այսօր օրաթերթի թուայնացուած հավաքածոն, ներառեալ յաւելուածները։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն Այսօր» կայքը, օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը կարեւոր նկատեց թուայնացուած նիւթերու փոխանցումը Հայաստանին, քանի որ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ լոյս տեսնող պարբերականները վտանգուած են նաեւ պատերազմի պատճառով։
«Այս հսկայական նիւթի մատենագիտութեան պատրաստութիւնը շատ օգտակար կը դառնայ մամուլի ուսումնասիրութեան և սփիւռքի պատմութեան գիտահետազօտողներուն համար»,-մատնանշեց «Ազդակ» թերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան։