Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետեւեցաւ Լաչինի միջանցքին վերաբերող վերջին զարգացումներուն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի կողմէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններուն հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի փակման համար, որովհետեւ անոր հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած են ապրուստի եւ մարդասիրական ճնշող իրավիճակ, ինչպէս նաեւ առեւտրական աշխատանքի արգելակում:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ հարկ է ապահովել յարմարագոյն պայմանները` վերսկսելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղելու երկու կողմերուն` երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքին մէջ երթեւեկի անխափանութիւնը, որովհետեւ անիկա կենսական անհրաժեշտութիւն է Ղարաբաղի բնակչութեան համար, ինչպէս նաեւ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան գործընթացին համար:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց իր սկզբունքային կեցուածքը` երկխօսութիւնը որդեգրելու իբրեւ միակ միջոց լուծելու համար հարցերը, առանց շահագործելու քաղաքայինները, կամ մարդկային օժանդակութիւններ ստանալու անոնց իրաւունքը չվերածել քաղաքական նպատակներ իրագործելու ճնշամիջոցի»:իպի կողմէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններուն հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին: