Կառավարութեան կազմութենէն ի վեր երէկ առաջին անգամ ըլլալով սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին գինը հասաւ 22 հազարի:
Հակառակ այն յայտարարութիւններուն, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու, այսուհանդերձ սէուտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը Սէուտական Արաբիոյ հանդէպ թշնամանքով լեցուն է` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը զիրենք կը մղէ Լիբանանին ձեռք չերկարելու եւ ներդրումները կասեցնելու:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Լիբանանի որոշումներուն վրայ իր գերիշխանութիւնը բանեցուցած է Իրանը` աւելցնելով, որ այդ ճնշումը կը կատարուի Հըզպալլայի զէնքին միջոցով:
Սէուտական իշխանական աղբիւրներ ընդգծեցին նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու լիբանանցի նախարարներուն կարողութիւնները շատ աւելի քիչ են, քան` տագնապը խորացնելու անոնց կարողութիւնները: Անոնք կը շեշտեն նաեւ, որ վարչապետ Միքաթիի համար արդէն իսկ սովորական դարձած է այն իրականութիւնը, որ իր կառավարութիւնը անկարող է նիստեր գումարել, եւ կրնայ ժողովի հրաւիրուիլ միայն Հըզպալլայի որոշումով:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն էր լուծել Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը, «այն հեռանկարով, որ այդ տագնապին լուծումը ըլլայ աւելի մեծ տագնապի մը` Հըզպալլայի զէնքի օրակարգին լուծման նախաքայլը», աւելցուց Զաքի:
Նշենք, որ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին, որ Սէուտական Արաբիա կ՛ուղղուի Լիբանանի դէմ մագլցողական քայլեր որդեգրելու` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Պէյրութի մէջ սէուտական դեսպանատունը Ռիատ այցելութեան վիզա պիտի շնորհէ միայն մարդասիրական պարագաներու:
Վարչապետ Միքաթի. «Լիբանանը Աւելի Եւս Պիտի Գեղեցկացնենք` Մեր Արաբ Եղբայրներուն Հետ»
Վարչապետ Միքաթի երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ հովանաւորեց սենտիքային հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ ինք մարտահրաւէրներուն նկատմամբ դրական կերպով, լաւատեսութեամբ եւ բաց գործակցութեամբ կը վարուի, սակայն երկխօսութիւնը անձնական եւ ազգային համոզումներու սահմանին մօտ կը կանգնի:
«Միշտ կը պաշտպանեմ դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը, կը պաշտպանեմ սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները, Լիբանանի արաբական ինքնութիւնն ու արաբ եղբայրներուն, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն պահպանումը», շեշտեց ան:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ մերժելով Միքաթիի հովանաւորած այս հանդիսութիւնը` իբրեւ բողոքի ցոյց, որոշ ժամանակի համար փակեցին Թրիփոլիի սերային ճամբան:
Յետմիջօրէին Միքաթի վարչապետարանին մէջ մեկնարկը կատարեց «Պէյրութի աշխատանոցներու եւ գործարաններու վերակառուցման» ֆոնտին` Միջազգային դրամատան գործակցութեամբ:
Այս առիթով վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք Պէյրութի եւ Լիբանանի իւրաքանչիւր քաղաքի բնակիչներուն կը զօրակցի` աւելցնելով, որ միասնաբար պիտի փրկեն Լիբանանը` վերակառուցելով ինչ որ քանդուած է:
«Լիբանանը աւելի եւս պիտի գեղեցկացնենք` մեր արաբ եղբայրներուն եւ մեր բարեկամներուն հետ, որոնք կ՛օժանդակեն մեզի: Այս բոլորը պիտի կատարենք, որպէսզի Լիբանան վերադառնայ քարտէսի վրայ եւ ստանձնէ իր քաղաքակիրթ դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը», շեշտեց ան:
Միքաթի նշեց, որ Միջազգային դրամատան տրամադրած օժանդակութիւնը, որ ֆինանսաւորուած է կարգ մը երկիրներու կողմէ, վարկեր պիտի տրամադրէ աւելի քան 4300 վնասուած հաստատութիւններու` աւելցնելով, որ դիմումները պէտք է ներկայացուին «Քաֆալաթ» ընկերութեան միջոցով: