Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերշ․ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2019-ին, Ճիւնիի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որ մատուցեց կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու արժ. Տ. Սարգիս աւ. քհն. Սարգիսեան։
Սուրբ պատարագին ներկայ էին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմնի անդամները, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, ինչպէս նաեւ տիկնանց յանձնախումբի անդամները։
Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր հայրական պատգամը՝ «Հո՛ն, ուր երկու կամ երեք հոգի կը հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն անոնց միջեւ եմ» բնաբանով։ Սրբազան հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ այս օրուան համար, եւ ապա գնահատեց կիրակնօրեայ դպրոցներու օրհնեալ աշխատանքը, անդրադառնալով երեք կէտերու․
ա.- Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, թէ քանի մը անձեր քով-քովի գալով կը բազմանան որակով եւ ո՛չ թէ թիւով։
բ.- Քրիստոս յստակ կ’ընդգծէ, թէ քանի մը հոգիներու հաւաքը սովորական հաւաք չէ։ Երբ մենք կը հաւաքուինք նոյնինքն Քրիստոսի անունով, Քրիստոս մեզի իրեն կը բերէ, կը հաւաքէ եւ կը համախմբէ։ Երբ կը հաւաքուինք Քրիստոսի անունով, Քրիստոս կը զօրացնէ մեզ եւ Քրիստոսով զօրանալով մենք հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք մեր սուրբերուն, նահատակներուն եւ հերոսներուն հետ։
Գ. Քրիստոս մեզ կ’առաջնորդէ իր ներկայութեամբ, երբ կ’ըսէ․- «Ես ձեր միջեւ եմ»։ Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ մանաւանդ եւ մեր նոր սերունդի զաւակներուն մէջ, որոնք կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ կը ստանան ազգային, հոգեւոր եւ բարոյական ամբողջական դաստիարակութիւն, կը վստահեցնեն մեզ որպէս ֆիզիքական եւ հոգեւոր ծնողք, թէ կիրակնօրեայ դպրոցէն անցնող հայորդին, որպէս ամբողջական հայ քրիստոնեայ պիտի ապրի կեանքը եւ պիտի ստանձնէ իրմէ ակնկալուած բոլոր պատասխանատուութիւնները` մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Ապա առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ եկեղեցւոյ մէջ ծառայող աշխարհական թէ հոգեւորական պատասխանատուներու մեծամասնութիւնը կիրակնօրեայ դպրոցին մաս կազմած է, որ անհատներու նկարագրին մէջ անջնջելի եւ դրական յատկանիշներ ամրապնդած է։
Եզրակացնելով իր խօսքը Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ․- «Եկեղեցին Աստուծոյ եւ ազգին տունն է, եւ մեր տան մէջ գտնուիլը բնական երեւոյթ մըն է, եւ այդ երեւոյթը կեանքի պէտք է վերածենք, որպէսզի Քրիստոս ժողովորդին ամբողջոթիւնը տեսնէ` որպէս մէկ հայ քրիստոնէական մարմին եւ մեզի ըսէ․- «Երանի այն ժողովորդին, որ իբրեւ մէկ ընտանիք իմ անունովս կը հաւաքուի․ ես ձեզի հետ եմ եւ պիտի առաջնորդեմ երկրաւոր կեանքէն եկնաւոր կեանք` այսօր, միշտ եւ յաւիտեան»։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգիստ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ ծառայած եւ ի Տէր հանգչած բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։
Ապա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ «Կարօ Գոնեալեան» սրահին մէջ՝ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։