Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին, սիրով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները, բոլորին յիշեցնելով, որ վաղուան մեր կեանքը կախեալ է կիրակի օր ի գործ դրուած հաւաքական մեր ճիգէն ու մեր կամեցողութենէն:
Այս առիթով բոլորին կը յիշեցնենք, որ ոչ պատուհանէն դիտելով բաւարարուին եւ ոչ ալ անպատասխանատուութեամբ վարուին իրենց քուէին հետ: Ընդհակառակը, ամէն մարդ դէպի քուէատուփ ուղղուելով, պէտք է իր քաղաքացիական պարտականութիւնները լիովին կատարէ եւ այդպիսով, Լիբանանի ապագային նկատմամբ մեր հաւաքականութեան ունեցած հարազատ սպասումներն ու կամքը արտայայտէ:
Իր Զատկական պատգամին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառը մեր ժողովուրդը զգուշացնելով կ՛ըսէր. «Մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ:
Հետեւաբար, մեր սրտերուն մէջ արձագանգ տալով հայոց հայրապետի կոչին, մենք ալ կ՛ըսենք, որ մեզի համար ընդունելի չեն օտար ձգտումներով առաջնորդուողներն ու ոսկիով լեցուն ձեռքերը: Ուստի, պէտք է ճիշդ ըմբռնենք ժամանակի պայմանները եւ անդրադառնանք, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ մեր համայնքը ներկայացնող դէմքերը, նախ մեր տունին մէջ իրենց տեղը պէտք է գտնեն:
Հետեւաբար, կիրակի օր, լիբանանահայութիւնը իր քուէով, խորհրդարան պէտք է ուղղէ իրեն ծանօթ վստահելի այն դէմքերը, որոնք աշխատանքի դաշտին մէջ արդէն իսկ մեր ժողովուրդին պատկանած ըլլալու վկայութիւնը տուած են ու մեզի հետ դիմագրաւելով մեր հաւաքականութեան ապրած տեսակաւոր տագնապներն ու դժուարութիւնները, մեզի հետ մեծցած են:
Խորհրդարանին մէջ մեր համայնքը կրնան ներկայացնել միայն անոնք, որոնք կազմաւորուած են մեզի հետ, եւ իրենց նուիրումին ընդմէջէն նաեւ կրնան արտայայտել մեր ժողովուրդին կամքը:
Բոլորս ալ լաւ պէտք է ըմբռնենք, որ այս ընտրութիւններն ալ պարտաւոր ենք դիմակալել ազգային հասկացողութեամբ` ուրիշներուն ալ մասնակցութիւնը ապահովելով եւ շեղումներուն ու մոլութիւններուն առաջքը առնելով:
Ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ, լիբանանահայութիւնը դարձեալ պէտք է իր շրջապատին ցոյց տայ, թէ մենք, ազգային արժանապատուութիւն եւ հաւատարմութեան հասկացողութիւն ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներն ենք:
Հակառակ իր դիմագրաւած տեսակաւոր խնդիրներուն ու տագնապներուն, մենք կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը դարձեալ գիտակցութեամբ եւ ողջամտութեամբ ճիշդ պիտի դատէ եւ ընտիրը ընտրելով, ամրօրէն իր տեղն ու դիրքը պաշտպանէ լիբանանեան դրուածքին մէջ:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր վաստակեալներուն եւ թող որ ամենաբարին Աստուած մեր հաւաքականութեան պարգեւէ նորանոր յաղթանակներ ու նոր վերելք: