Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել

June 17, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Conflicting reports on pace of Lebanon-Israel gas deal

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը մնայ տիրական: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս իմաստով ինք բանագնացի դերակատարութիւն չէ որ կը կատարէ` աւելցնելով, որ իր աշխատանքը դիւանագիտական է:

«Մենք կը քաջալերենք անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը` շարունակելու միջնորդի իր դերակատարութիւնը, այդ պատճառով ալ զայն հրաւիրեցինք Լիբանան, որովհետեւ լիբանանեան կողմը անոր որոշում մը յանձնելիք էր` սահմանագծումին առումով», ըսաւ ան:

Պու Սաապ յայտնեց, որ բանակցութիւնները զգայուն փուլ մուտք գործած են` աւելցնելով, որ Լիբանանի պատասխանին լոյսին տակ արձանագրուած է զարգացում մը, որուն իբրեւ հետեւողականութիւն Հոքշթայն խոստացած է մէկ շաբաթ կամ առաւելագոյնը տասը օր ետք վերադառնալ Լիբանան:

«Լիբանանի իշխանութիւններուն կողմէ Հոքշթայնին ներկայացուած որոշումը պետութեան կեցուածքը հզօրացուցած է: Սխալներ կրնան պատահիլ, եւ նախապէս համադրում ու գործակցութիւն չէ արձանագրուած իրարու միջեւ, սակայն այսօր կացութիւնը տարբեր է, եւ լիբանանցիները պէտք է վստահ ըլլան, որ ոչ մէկ լիբանանցի պատասխանատու Լիբանանի իրաւունքներէն պիտի զիջի», հաստատեց ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ սահմանագծումի իմաստով արդիւնքի յանգելու յոյսը մեծ է, իսկ պատերազմի ընտրանքը ո՛չ Լիբանանին եւ ո՛չ ալ թշնամի Իսրայէլի համար շահաբեր է:

Միւս կողմէ, Հոքշթայն հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ գտնուող վիճելի շրջանին տարածքը 860 քառ. քմ է` աւելցնելով, որ իր նպատակն է հասնիլ այնպիսի կէտի մը, ուր Լիբանան սկսի պեղել եւ նաւթ հորատել:

Ան ընդգծեց, որ ասիկա դժուար չէ, սակայն երկու շաբաթ ետք այս իմաստով աւելի շօշափելի տուեալներ կարելի է տրամադրել:

Հոքշթայն կոչ ուղղեց կեդրոնանալու Լիբանանը կառուցելու եւ զայն լիբանանցիին համար աւելի լաւ վայր մը դարձնելու վրայ` կոչ ուղղելով վերջ տալու սպառնալիքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ Իսրայէլի կողմէ նաւթահորերը հորատելու արգիլումը ոչ մէկ ձեւով պիտի օժանդակէ Լիբանանին: «Ճիշդ է, որ այդ հորատումը կրնայ կասեցուիլ, սակայն Լիբանանի մէջ ոչինչ կը փոխուի, այլ մութն ու զրկանքը կը շարունակուին», ըսաւ Հոքշթայն:

Պէտք է աւելցնել, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն որդեգրելու ազգային, միաւորող եւ գերիշխանական կեցուածք մը, որ Իսրայէլին հզօր պատգամ մը կ՛ուղղէ, եւ զայն կ՛արգիլէ ծովային մեր սահմաններուն ու ծովային մեր հարստութիւններուն դէմ յարձակում գործելէ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը վերահաստատեց, որ Իսրայէլի կողմէ նաւթ ու կազ հորատելու յատուկ նաւուն արտօնութիւնը` մուտք գործելու վիճելի շրջան, Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարք մըն է, որ մերժելի է: «Լիբանան պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներով պէտք է պաշտպանէ իր իրաւունքը` ծովային թէ ցամաքային առումով: Իբրեւ լիբանանցիներ միասնականութեամբ պէտք է իրականացնենք այս ազգային նպատակը եւ մերժենք որեւէ փորձ, որ կը միտի մեզ զրկել մեր իրաւունքէն», ընդգծեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը:

Պէտք է աւելցնել, որ բարեկարգչական երեսփոխանները երէկ վերահաստատեցին իրենց տեսակէտը` թիւ 29 սահմանագիծին կառչած մնալու առումով:

Previous Post

Խնամքով շրջանցումներ եւ հարուած` հայկական բանակցային դիրքերուն

Next Post

Մի՛ Նեղանար, Երբ Վիրաւորեն Քեզ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.