Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ բանակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` հիմնուելով Լիբանանի մշակած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին վրայ:
Նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, բանակցութիւնները կը կատարէ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ նախնական խորհրդակցութիւններ կատարած էր անցեալ երկուշաբթի օր:
«Բանակցութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Կեդրոնական դրամատունէն փորձագէտներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան եւ վարչապետին գրասենեակներէն ներկայացուցիչներ», նշուեցաւ նախարարութեան կողմէ` ընդգծելով, որ այդ խորհրդակցութիւնները կը կազմակերպուին վիտէոյի ճամբով:
Իր կարգին, Ուազնի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ Միջազգային դրամական ֆոնտը խորհրդակցութիւններուն Ա. փուլը արդէն իսկ իրագործած են երկրին տնտեսութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնելու վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:
Ուազնի յայտնեց, որ կառավարութիւնը հանգիստ է նախնական այս խորհրդակցութիւններուն գծով եւ կ՛ակնկալէ, որ յաջորդները նոյնքան շինիչ ըլլան: