Այուհետեւ, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքը մամուլին սեփականութիւնը պիտի դարձնէ իր գործունէութիւնը՝ քառամսեայ դրութեամբ, ներկայացնելով գլխաւոր աշխատանքները եւ թուային ու նիւթական պատկերները, թափանցիկութեամբ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելով կատարուած աշխատանքները։
- Ընկերային պարագաներու հետ հանդիպումներու ընդհանուր թիւ՝ 221 հայորդիներ։
- Կարիքաւոր հայորդիներու բնակարաններու այցելութիւններու թիւ՝ 56, որոնցմէ տասներկուքը Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ։
- Ամսական դրութեամբ 4 առիթով Հայ ազգային բուժարան այցելութիւն, համապատասխան կարելիութիւններ ստեղծելով ընտանեկան եւ ընկերային պարագաներուն։
- Բաժանմունքը նորոգեց հինգ կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները եւ անոնց կահոյք ապահովեց։
- 6 յունիսին տեղի ունեցաւ նախկին Ազգ․ Քառասնից մանկանց վարժարանին մէջ բաժանմունքի կեդրոնատեղիի բացումը, 13 յունիսին՝ Arc en ciel-էն ներս հանդիպում մը, 24 յունիսին՝ «Սեպուհ Շահպազեան» աշակերտական ֆոնտի հանդիսութիւնը, 4 յուլիսին՝ «Ժպիտ»-ի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում մը, 11 յուլիսին՝ Սէն Մարքի տնօրէն պրն․ Սէմ Ռագուպեանի հետ աշխատանքներու համակարգման հանդիպում մը, 17 Յուլիսին՝ սկիզբ կեդրոնի հագուստեղէնի տրամադրման ծառայութեան եւ 28 օգոսոստին՝ «Act for tomorrow» կազմակերպութեան գործակցութեամբ եւ Spinneys-ի Պաուշրիէ մասնաճիւղի օժանդակութեամբ բանջարեղէնի եւ պտուղի ապահովում կարիքաւոր ընտանիքներու։
- մայիս-օգոստոս 2019-ին ընկերային բաժանմունքը յատկացուց 16.687.000 լ․ո․։ Նշեալ գումարին 8.737.000 լ․ո․ տրամադրուեցաւ ընկերային կարիքներու՝ 4.180.000 լ․ո․՝ բժշկական կարիքներու՝ 1.452.500՝ դեղորայքի եւ 2.317.500՝ բնակարաններու նորոգութեան եւ կահոյքի ապահովման։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ