Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 740-ի, Մահացողները` 25-ի, Իսկ Ապաքինուածները` 205-ի
«Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանը երէկ սկսաւ ընդհանուր զօրաշարժէն աստիճանաբար դուրս գալու իր Բ. փուլը` հսկելով երկրին մէջ իր քաղաքացիներուն առողջական անվտանգութեան ապահովումին:
Այդ ջանքերուն զուգահեռ, լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ հիւրընկալել արտերկրի իր քաղաքացիները, որոնք հերթաբար կը հասնին Պէյրութ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 740-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 3 վարակուածներ, որոնք Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներ են. երկուքը` Փղոսկրեայ Ափունքէն, իսկ մէկը` Նիկերիայէն:
Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 25 մահուան պարագաներ, իսկ ապաքինած են 205 հոգի:
Նշենք, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի շրջագիծին մէջ երէկ Երեւան-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան հասան մեծ թիւով լիբանանահայեր:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր զօրաշարժի Բ. փուլի գործադրութեան, քաղաքացիները երէկ վերսկսան իրենց աշխատանքներուն` ըստ ներքին գործոց նախարարութեան ճշդած ծրագիրին, ինչպէս նաեւ յարգելով ինքնաշարժի թիւերուն համապատասխանող երթեւեկի օրէնքները: