Երկուշաբթի, 14 մարտ 2022-ին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա այցելութիւն տուաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու Լիբանանի ներքին քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն շուրջ: Անոնք ունեցան տեսակէտներու փոխանակում` ակնարկելով Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապի լուծման:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին` համաձայն գտնուելով, որ անհրաժեշտ է դիմել բոլոր միջոցներուն, հաստատելու համար խաղաղութիւնը` յարգելով ազգերուն եւ անհատներուն իրաւունքները: