Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ
«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Առաջին Պարագային Բուժումը
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրորդ մահը արձանագրուած է, իսկ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 66-ի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ վարակուածներուն թիւը օրական դրութեամբ 30 առ հարիւր տոկոսով կը բարձրանայ:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած երէկուան տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոց ներկայացած են 133 պարագաներ, որոնցմէ 14-ը կարիք ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու, իսկ մնացեալը բնակարանային խնամքի տակ կը գտնուին` դարձեալ մեկուսարաններու մէջ:
Տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ գտնուող 16 պարագաներ ուղղուած են իրենց բնակարանները, իսկ ներկայիս 36 պարագաներ կը գտնուին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ:
Տեղեկագիրին մէջ հաստատուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածները բժշկական լաւ խնամք կը ստանան` աւելցնելով, որ անոնցմէ միայն երկուքին առողջական վիճակը անկայուն է:
Ժիպէյլի «Մաունաթ» հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր անձնակազմէն 10 հիւանդապահներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընդգծեց, որ մահացող հիւանդը վաթսուննոց էր եւ արդէն մահացու հիւանդութենէ կը տառապէր:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագային բուժումը: Ան 20 փետրուար 2020-ին մուտք գործած էր Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, իսկ այսօր անկէ մեկնած էր` լրիւ բուժուած վիճակի մէջ:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբին նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով որդեգրուելիք քայլերը: Նիստին նախագահեց վարչապետ Հասսան Տիապ` ներկայութեամբ յանձնախումբի նախագահին` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարի:
Նիստէն ետք Տիապ յայտնեց, որ Լիբանան եղաւ այն առաջին երկիրներէն, որոնք դիմեցին «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու միջոցներուն: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու առումով խիստ միջոցառումներու դիմեց, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, «բայց եւ այնպէս ոմանք դիմեցին աւելորդաբանութեան` քաղաքական կէտեր արձանագրելու նպատակով», ըսաւ ան:
Վարչապետը նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը ոչինչ խնայած է իր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու իմաստով:
Տիապ յայտնեց, որ ինք պահանջած է դէպի Իտալիա, Հարաւային Քորէա, Իրան եւ Չինաստան բոլոր թռիչքները կասեցնել, ինչպէս նաեւ վերջ տալ Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Սպանիայէն եւ Բրիտանիայէն եկող անձերուն Լիբանան մուտք գործելուն` նկատի ունենալով, որ այդ երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակ գոյութիւն ունի:
Ան յայտնեց, որ քաղաքապետարաններէն եւ պետական վարչական կառոյցներէն պահանջած է նուազագոյն թիւով անձնակազմերով գործել` ճշդելով իրարու փոխարինելու ժամանակացոյց:
Վարչապետը կոչ ուղղեց նաեւ որդեգրելու այնպիսի միջոցառումներ, որոնց հիման վրայ կ՛արգիլուին ամէն տեսակի համախմբումները` հանրային թէ սեփական վայրերուն մէջ:
Տիապ նշեց, որ Լիբանան վերադառնալ փափաքող լիբանանցի քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնակազմերուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն չորս օրուան ժամկէտ ճշդուած է, «իսկ բոլոր թռիչքներուն նման այսօր երեկոյեան Իրանէն Պէյրութ ժամանելիք օդանաւի պարագային պիտի որդեգրուին առողջապահական նոյն միջոցառումները», շեշտեց վարչապետը:
Իր կարգին, Ասմար նշեց, որ յանձնախումբին տուած որոշումները կը վերաբերին պետական եւ սեփական մարզերուն: Ան հաստատեց, որ այդ որոշումներուն գործադրութիւնը շատ կարեւոր է` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ այդ իմաստով:
Միւս կողմէ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ Լիբանանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց:
Այս յայտարարութեան մասին տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը` աւելցնելով, որ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու որոշումը կառավարութեան իրաւասութիւնն է, եւ այդ որոշումը կը տրուի նախարարաց խորհուրդի անդամներուն երկու երրորդին կողմէ: «Ինչպէ՞ս կրնայ պատկերասփիւռի կայան մը նման որոշում տալ», հարց տուաւ Ապտել Սամատ:
Այս շրջագիծին մէջ հանրախանութներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահը հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ գոյութիւն ունի հանրախանութները փակելու ուղղուածութիւն մը:
Հակառակ այս հերքումին, լիբանանցի քաղաքացիները կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան ժամերուն հսկայ թիւերով ուղղուեցան հանրախանութներ` մեծաքանակ գնումներ կատարելու նպատակով:
Զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ կոչ ուղղեց փակելու զբօսաշրջական բոլոր վայրերն ու գիշերային զբօսավայրերը, ինչպէս նաեւ ջնջելու խրախճանքներն ու խորհրդաժողովները:
Ճաշարաններու, սրճարաններու, գինետուներու եւ անուշավաճառներու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր ճաշարանները, սրճարանները, գինետուներն ու անուշավաճառները փակ պիտի մնան իրենց այցելուներուն դիմաց` բացի առաքումի ծառայութենէն:
Անկախ ասպարէզի եւ պետական հաստատութիւններու սենտիքաները աշխատանքները մինչեւ կիրակի օր դադրեցնելու կոչ ուղղեցին:
Նոյն նպատակի շրջագիծին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ դատախազ Մոհամետ Մաքքաուիի որոշումով շրջանին մէջ գտնուող մարձումի եւ բախտախաղի վայրերը, մինի ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ պասքեթպոլի յատուկ դաշտերը, համակարգիչի օգտագործման յատուկ հանրային վայրերն ու հարսանիքի կամ այլ առիթներու համար օգտագործուող սրահները փակ պիտի մնան:
Ժիպէյլի քաղաքապետարանը հաստատեց, որ հանրային պարտէզը, սրճարաններն ու գիշերային բոլոր զբօսավայրերը փակ պիտի պահէ` արգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը` լիբանանեան եւ սէուտական իշխանութիւններէն յատուկ արտօնութեամբ որոշեց երեք թռիչքներ կատարել դէպի Ռիատ, Ճետտա եւ Տամմամ, որպէսզի կարենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ լիբանանցի քաղաքացիները Լիբանան փոխադրել, իսկ Լիբանանի մէջ գտնուող սէուտցի քաղաքացիները` Սէուտական Արաբիա:
Նշենք, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) սենտիքան նախանցեալ գիշեր գումարած էր արտակարգ նիստ մը, որմէ ետք յայտնած էր, որ երէկուընէ սկսեալ մինչեւ ուրբաթ աշխատանքները պիտի դադրեցնէ` գրասենեակները հականեխելու նպատակով:
Իր կարգին, «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռոլան Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ նախագահը խնդրած է փակել «Քազինօ տիւ Լիպան»-ը` «Քորոնա» ժահրի տարածման իբրեւ կանխարգիլումի միջոց:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց Լիբանանին դռները փակ պահելու «Քորոնա» ժահրով վարակուած բոլոր երկիրներուն դիմաց, ըլլան անոնց քոյր կամ բարեկամ երկիրներ, թէ հեռու եւ օտար:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ կոչ ուղղեց ամէն տեսակ համախմբումները կասեցնելու` հարց տալով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի համաճարակներէն ժամանող մահուան օդանաւերը դիմաւորել: