Առողջապահութեան Նախարարութիւնն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը
Կոչ Կ՛ուղղեն` Կառչած Մնալու «Քորոնա» Ժահրով Վարակուելու
Հաւանականութիւնը Կանխարգիլող Նախազգուշութիւններուն
Համաձայն կառավարութեան որոշումին, երէկ Լիբանանի մէջ կեանքը վերսկսաւ` երկրին մասնակի վերաբացումով:
Ապահովութեան ուժերն ու իւրաքանչիւր շրջանի քաղաքապետութեան ոստիկանութիւնը շարունակեցին հսկել ընդհանուր կացութեան` պարտադրելով ընկերային հեռաւորութիւնը, դիմակներու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ հականեխումի աշխատանքի գործադրութեան:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի շեշտեց, որ քաղաքացիներէն պահանջուած է, ընդհանուր զօրաշարժը մեղմացնելով հանդերձ, կառչած մնալ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը կանխարգիլող նախազգուշութիւններուն:
«Քաղաքացիները պէտք է անհատական եւ հաւաքական պատասխանատուութիւն զգան` իրենք զիրենք, իրենց ընտանիքները, շրջապատն ու ընկերութիւնը պահպանելու իմաստով, ինչպէս նաեւ աստիճանաբար բնականոն դարձնեն իրենց կեանքը», ըսաւ Ֆահմի` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն արձանագրուելիք արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ընթացքը արժեւորելու հիման վրայ է, որ կառավարութիւնը պիտի ճշդէ դարձեալ խստացնել կամ աւելի ճկուն ըլլալ` իր տալիք որոշումներուն մէջ:
Ֆահմի յայտնեց, որ դիմակներու գործածութիւնն ու ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը անհրաժեշտութիւն կը նկատուին:
Այս իրավիճակին զուգահեռ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը շարունակեց արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրել` գործադրելով արտերկրի լիբանանցիներու փոխադրութեան Գ. փուլը, որուն մեկնարկը ճշդուած էր կառավարութեան կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանան հասան 7 թռիչքներ` Լարնաքայէն, Ռիատէն, Փարիզէն, Մասքաթէն, Ապու Տապիէն, Տուպայէն եւ Լոնտոնէն:
Պէյրութ ժամանած բոլոր արտերկրի լիբանանցիները ենթարկուեցան «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութեան եւ փոխադրուեցան համապատասխան պանդոկները, մինչեւ իրենց քննութեան արդիւնքը ստանալն ու, ըստ այնմ, իրենց բնակարաններուն թէ հիւանդանոցներուն մէջ 14 օրուան մեկուսացումի ենթարկուիլը:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 931-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 20 պարագայ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 251 ուրիշներ` բուժուած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 2 վարակուածներ, իսկ Լիբանանի մէջ ապրող պանկլատէշցի 18 վարակուածներ կան:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ նախազգուշութիւններուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բնակարանային մեկուսացման պայմանները խստացնելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ համախմբումներէ հեռու մնալ, ինչպէս նաեւ բնակարանէն դուրս դիմակները անպայման գործածել:
Նախարարութիւնը քաղաքացիներէն խնդրեց, որ այս օրէնքները խախտելու որեւէ փորձ նշմարելու պարագային հեռաձայնեն 1214 թէժ գիծին: