Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է:
Նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ երէկ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած երեք այլ պարագաներ, որոնց իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 13-ի:
Նախարարութիւնը նշեց, որ նոր արձանագրուած պարագաները արդէն իսկ առողջապահական մեկուսարաններու մէջ կը գտնուէին: Անոնք ենթարկուած էին բժշկական քննութեան, որուն արդիւնքներուն համաձայն փաստուած էր, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ հարկ է աշխատիլ գիտակցութեան եւ կրթութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ` սահմանափակելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Ան կոչ ուղղեց, որ տեղեկատուական մարզը պատասխանատու կերպով տարածէ լուրերը` վերջ տալով զրպարտութիւններուն եւ ենթադրութիւններուն:
Հասան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրը համաճարակի չէ վերածուած, ինչ որ շատ մտահոգութիւններ կը փարատէ: Ան շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրով բոլոր վարակուածները դուրսէն Լիբանան հասնողներ են:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ իր կարգին կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն` լաւապէս ստուգելու «Քորոնա» ժահրին վերաբերող իրենց տեղեկութիւնները, ապա հրապարակելու զանոնք, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ պահել կացութիւնը եւ յաւելեալ խուճապ չստեղծել:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 41 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 23-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Միւս կողմէ, նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 11 պարագաներ արդէն իսկ ուղղուեցան իրենց բնակարանները, ուր անոնք 14 օրուան ապաքինման շրջան մը պիտի անցընեն:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ կան 23 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, որոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն, նաեւ 13 ուրիշներ, որոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներն են:
Նշենք, որ լիբանանեան-սուրիական Մասնաայի սահմանէն Լիբանան հասաւ պաս մը, որ Թեհրանի մէջ բնակող 65 լիբանանցիներ կը փոխադրէր: Անոնք Թեհրանէն հասած էին Դամասկոս, հոնկէ` Պէյրութ:
Մասնաայի սահմանին վրայ Ընդհանուր ապահովութեան կեդրոնին մէջ լիբանանցիները ենթարկուեցան բժշկական քննութեան: Ի յայտ եկաւ սակայն, որ անոնք արդէն իսկ 15 օր բնակարանային մեկուսացումի ենթարկուած են եւ համապատասխան բուժումները ստացած:
Երէկ երեկոյեան Իրանի Մաշհատ քաղաքէն օդանաւ մը հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան: 178 ճամբորդներէն ոչ մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած էր` ըստ առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական անձնակազմին կատարած քննութիւններուն: