Անցնող 48 Ժամուան Ընթացքին
Արձանագրուած Են 77 Նոր Վարակուածներ
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1587-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 51 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 19-ն տեղացիներ են, իսկ 32-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 32 պարագաներ մահացած են, իսկ 1068 ուրիշներ` ապաքինած:
Պէտք է աւելցնել, որ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, նախանցեալ օր արձանագրուած էին 26 նոր վարակուածներ: Այսինքն` անցնող շաբաթավերջին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 77-ի:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Թրիփոլիի նաւահանգիստին վարչութեան հետ գործակցութեամբ նաւահանգիստի աւելի քան հարիւր պաշտօնեաներ ենթարկուած են «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.» քննութեան, որուն արդիւնքները ի յայտ բերած են, թէ նաւահանգիստի 6 պաշտօնեաներ վարակակիր են:
Թրիփոլիի նաւահանգիստի տնօրէն Ահմետ Թամեր շեշտեց, որ նաւահանգիստի վարչութիւնը ապահովութեան եւ մաքսատան կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ աշխատաւորներու սենտիքային հետ աշխատանքները համադրած է, որպէսզի վարակակիր պաշտօնեաները առողջական մեկուսացումի ենթարկուին, ինչպէս նաեւ հականեխման բոլոր միջոցները գործադրուին` ապահով կերպով շարունակել կարենալու նաւահանգիստին աշխատանքը:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ եթէ լիբանանեան հասարակութիւնը շարունակէ իր անզգուշ մօտեցումը` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով, ապա երկիրը ենթակայ պիտի ըլլայ դիմագրաւելու «Քորոնա» համաճարակի երկրորդ ալիք մը:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի շաբաթավերջին հրապարակեց նոր շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ այսօրուընէ սկսեալ գիշերային զբօսավայրերը, ընկերային առիթներու յատուկ սրահները, ամառնային բանակավայրերը, հանրային պարտէզները, վիտէօ խաղասրահները, համացանցի գործածութեան յատուկ սրահներն ու ժողովրդային շուկաները պիտի վերաբացուին:
Ներքին գործոց նախարարի շրջաբերականին մէջ հաստատուեցաւ, որ երեխաներու յատուկ խաղավայրերը (Kids zone), թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները կը մնան փակ:
Իսկ կրակմարի դրութիւնը կը շարունակէ ի զօրու մնալ կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00: