Հասան. «Վարակուածներու Այսօրուան Թիւը Ցնցիչ Է,
Որովհետեւ Կայ Արտերկրի Լիբանանցի Մը, Որ Նախազգուշական Պայմանները Չէ Յարգած»
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2011-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 66 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 44-ը տեղացիներ են, իսկ 22-ը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 36 պարագաներ մահացած են, իսկ 1368 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու այսօրուան թիւը ցնցիչ է, որովհետեւ կայ արտերկրի լիբանանցի մը, որ Պէյրութ հասնելէ ետք ճշդուած պայմաններն ու նախազգուշութիւնները չէ յարգած:
«Ան հարսանիքի մը ներկայ գտնուած է եւ ապա լողաւազան գացած` Լիբանան հասնելէ անմիջապէս ետք, այսինքն` ան առողջական մեկուսացում չէ կատարած», ըսաւ ան:
Ան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ համալսարաններուն մէջ ուսանողներ կրնան «Քորոնա» ժահրով վարակուիլ` աւելցնելով, որ այս հաւանականութիւնը նկատի ունենալով ուսանողներուն համալսարան վերադարձը յանդուգն որոշում է, ինչպէս նաեւ պատգամ` ուսման յաջորդ տարեշրջանը սկսելու:
Հասան կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն զգուշ ըլլալու` շեշտելով, որ նախազգուշական քայլերու դիմելն ու ընկերային հեռաւորութիւնը յարգելը ամէնէն ազդու միջոցներն են` «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու:
Իր կարգին, Մաժզուպ շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ արձանագրուած «Քորոնա» ժահրով վարակուած ուսանողի մը պատճառով, համալսարանը ամբողջովին հականեխուած է, եւ բոլոր ուսանողները, ինչպէս նաեւ համալսարանին մէջ գործող անձնակազմերը «Քորոնա»-ի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.» քննութեան ենթարկուած են:
Մաժզուպ շեշտեց, որ համալսարանի մուտքին հեռահար ջերմաչափեր կ՛օգտագործուին` իբրեւ նախազգուշութիւն, ինչպէս նաեւ բացայայտելու համար վարակուած պարագաները:
Ան շեշտեց, որ խնդրոյ առարկայ ուսանողին վարակումի աղբիւրը համալսարանը չէ:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համալսարանին մէջ նման իրավիճակ մը նախատեսուած էր` աւելցնելով, որ համալսարանը պէտք եղած նախազգուշութիւններուն դիմած է` արգիլելու համար ուսանողներուն միջեւ վարակումի պարագաները:
Այուպ հաստատեց, որ իբրեւ Լիբանանեան համալսարան անկարելի է, որ ուսման տարեշրջանը առանց քննութեան աւարտեն: Ան շեշտեց, որ համալսարանին մէջ որդեգրուած են նախազգուշական արտակարգ միջոցառումներ` աւելցնելով, որ լրագրութեան բաժանմունքին մէջ քննութիւնները պիտի կատարուին երկուշաբթի, 13 յուլիս 2020-ին: