Երկուշաբթի Օրուընէ Սկսեալ Մէկ Շաբթուան Համար
Որոշ Վայրեր Պիտի Մնան Փակ
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 3404-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 147 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 119-ը` տեղացիներ, իսկ 28-ը` Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 46 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1666 ուրիշներ` ապաքինած:
«Քորոնա» համաճարակին արագ տարածումը կանխարգիլելու նպատակով, «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարող Լիբանանի ազգային յանձնախումբը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարի:
Յանձնախումբը ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւններէն պահանջեց պարտադրել բոլոր ճամբորդներուն, որ իրենց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքը բացայայտեն` նախքան իրենց օդանաւային մուտքի արտօնագիրը ստանալը:
Յանձնախումբը խնդրեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը` առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար, կարգ մը պանդոկներ տրամադրէ իբրեւ առողջական մեկուսացման վայր, որոնք անվճար դրութեամբ պիտի օգտագործուին:
Յանձնախումբը առողջապահութեան նախարարութենէն եւ Կարմիր Խաչէն խնդրեց «Քորոնա» ժահրով վարակուածները նոյն շրջանի կառավարական հիւանդանոցները տեղափոխել:
Նաեւ պահանջեց, որ 60-էն վեր տարիք ունեցող քաղաքացիները միայն շատ կարեւոր նպատակներու համար իրենց բնակարաններէն դուրս գան:
Յանձնախումբը հաստատեց, որ երկուշաբթի, 27 յուլիսէն սկսեալ մէկ շաբթուան համար կարգ մը մարզեր փակ պիտի մնան` հականեխելու համար իրենց հաստատութիւնները եւ դիմելու համար պէտք եղած նախազգուշութիւններուն:
Փակ պիտի մնան գիշերային զբօսավայրերն ու փապերը, լողաւազանները, ծովեզերեայ խրախճանքներ հիւրընկալող ճաշարանները, ամէն տեսակ զբօսաշրջական բնոյթ ունեցող համերգներ, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները, երեխաներուն խաղավայրերը, մարզասրահները, շուկաները:
Յանձնախումբը շեշտեց, որ ցաւակցութիւնները, մկրտութիւնները եւ խրախճանքները պէտք է ջնջուին, բացի` Ս. պսակի խորհուրդներէն` պայմանաւ որ անոնք յարգեն ընկերային հեռաւորութիւնները եւ 50 հոգիէն աւելի չըլլան` փակ վայրերու մէջ, իսկ 150` բացօթեայ վայրերու պարագային:
Յանձնախումբը հաստատեց, որ ճաշարաններն ու սրճարանները իրենց կարողութեան միայն 50 առ հարիւրին համաձայն պէտք է գործեն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակի տնօրէն Հատի Հաշեմ յայտնեց, որ ինք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` աւելցնելով, որ ինք այդ մասին իմացած է նախանցեալ օր, երբ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի ի պատիւ ճաշկերոյթի կը գտնուէր:
Հաշեմ ընդգծեց, որ ինք անմիջապէս հեռացած է այդ վայրէն` աւելցնելով, որ ինք «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութեան ենթարկուած էր, որովհետեւ պիտի ճամբորդէր Քոփենհակըն` ամառնային այցելութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ իր վարակման աղբիւրը անծանօթ է` հաստատելով, որ 15 օրուան մեկուսացումի պիտի ենթարկուի:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան այցելեց Պաապտայի կառավարական հիւանդանոց, ուր յայտնեց, որ պիտի համակերպին «Քորոնա» համաճարակին հետ եւ վարակուողներուն թիւերը բարոյապէս ու գումակային կերպով պիտի հանդուրժեն:
Նշենք, որ Հասան հանդիպում մը ունեցաւ անձնական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւանդանոցներուն պարզած իրավիճակն ու անոնց կարիքները:
Հարուն յայտնեց, որ նախարար Հասան մտահոգ է եւ կը զգայ կացութեան սպառնացած վտանգը:
Պէյրութի բժիշկներու սենտիքան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը զգուշացնէ «Քորոնա» համաճարակի արագ վարակումէն եւ վտանգի փուլին հասնելէն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է խստացնէ իր որդեգրելիք միջոցառումները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի` կլկլակի սպասարկութիւնը բացարձակապէս արգիլելու որոշումին համար: