21 Օգոստոսէն 7 Սեպտեմբեր Բոլոր
Հաստատութիւններն Ու Վաճառատուները
Պիտի Մնան Փակ
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 9758-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 421 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 412-ը` տեղացիներ, իսկ 9-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 107 պարագաներ մահացած են, իսկ 2854 ուրիշներ` ապաքինած:
Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումին ստացած արագ թափը, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը երէկ որոշեց ուրբաթ, 21 օգոստոս 2020-էն մինչեւ 7 սեպտեմբեր 2020 բոլոր հաստատութիւններն ու վաճառատուները փակ պահել եւ երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կրակմարի դրութիւն հաստատել:
Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ, ամէն տեսակի վաճառատուները, շուկաները, ծովափները, լողաւազանները, մարզասրահները, մարզադաշտերն ու խաղավայրերը պիտի մնան փակ:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը բացառութիւն նկատեց շինարարութեան աշխատանքով զբաղող ընկերութիւններուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն նիւթական վնասներ կրած թաղերուն մէջ օժանդակութիւններու բաշխումը:
Բացառութիւն կը նկատուին նաեւ նախարարութիւններն ու պետական հաստատութիւնները, որոնք իրենց անձնակազմին 50 առ հարիւրով պիտի ներկայանան աշխատանքի, ինչպէս նաեւ բացառութիւն կը նկատուին Լիբանանեան Կարմիր Խաչը, ապահովական կառոյցները, մամուլն ու լսատեսողական լրատուամիջոցները, լրագրողներն ու խմբագիրները, պենզինի կայարանները, ջուրի ընկերութեան պաշտօնեաները, վառելանիւթ փոխադրող ընկերութիւնները, պանդոկներն ու վարձու յարկաբաժինները, տպարանները, պայմանաւ որ այդ մարզերուն մէջ գործող պաշտօնեաները իրենց աշխատանքի յատուկ փաստաթուղթերը պարզեն` որեւէ անցարգելի կողմէ պահանջուելու պարագային:
Նշենք, որ այս որոշումէն բացառուած են նաեւ սննդեղէնի վաճառատուները` հանրախանութներ, մսագործներ, հաւեղէնի յատուկ վաճառատուներ, փուռերը եւ դեղարանները:
Ճաշարաններն ու անուշավաճառները բաց պիտի մնան առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, պայմանով որ անոնք յաճախորդներ չընդունին, այլ միայն առաքման աշխատանքով զբաղին:
Ճամբորդական գրասենեակները, տարրալուծարանները, բժիշկներու գրասենեակներն ու դրամ փոխանցող գրասենեակները բաց պիտի մնան առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:
Գրախանութները բաց պիտի մնան առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00:
Պէյրութի միջազգային օդակայանը եւս պիտի մնայ բաց:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ «Մաունաթ» հիւանդանոց այցելութեան ընթացքին երկու շաբթուան համար երկիրը փակ պահելու մասին յայտարարութիւն կատարած էր արդէն եւ յորդորած բոլոր քաղաքացիները նախազգուշական բոլոր միջոցները որդեգրելու:
Նշենք նաեւ, որ առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի առողջապահութեան նախարարութեան յանձնարարած էր երկու շաբթուան համար երկիրը փակելու որոշումը կայացնել` նկատի ունենալով երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման ստեղծած դժուար ու բարդ իրավիճակը: