Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 26.768-ի բարձրացաւ` վերջին 24 ժամերուն ընթացքին, արձանագրելով 685 նոր դէպք, որոնցմէ 669-ը` տեղացիներ, իսկ 16-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Արձանագրուած է մահացութեան 4 դէպք:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրէն 263 պարագաներ մահացած են, իսկ 10.217 ուրիշներ` ապաքինած:
Սրահները, խաղավայրերը, հանրային պարտէզները բանալու նոր որոշում
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մուհամատ Ֆահմի հրապարակեց արդիւնաբերական եւ առեւտրական հաստատութիւններուն աշխատանքային ժամանակացոյցի փոփոխութեան նոր ոորշում մը:
Արդ, շարժապատկերի սրահները, թատերասրահները, խաղավայրերը, հանրային պարտէզները, երեխաներու յատուկ խաղի փակ սրահները պիտի վերաբացուին այն պայմանով, որ պահպանուի միայն 50 տոկոս յաճախորդ ընդունելու դրութիւնը եւ յարգուին «Քորոնա» ժահրը կանխարգիլելու բոլոր միջոցառումները:
Տակաւին ուժի մէջ կը մնայ կէս գիշերուան ժամը 1:00էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00ը փողոց դուրս չգալու որոշումը: