Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 87.097-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1888 նոր վարակուածներ:
Ճիշդ է, որ Լիբանանի տարածքին կրակմարի դրութիւնը երեկոյեան ժամը 9:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 կը պարտադրուի, սակայն առողջապահական մարզի պատասխանատուներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկիրը նուազագոյնը 15 օրով փակելու:
Այս շրջագիծին մէջ, առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յանձնախումբին գումարած նիստին ընթացքին առաջարկած է չորս շաբաթով փակել երկիրը, սակայն այդ իմաստով յստակ որոշում չէ տրուած` նկատի ունենալով յանձնախումբի անդամներուն տարակարծութիւնը:
Արաժի յայտնեց, որ յանձնախումբին առաջարկն էր 14 օրով փակել երկիրը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ յետաձգելու երկիրը փակելու որոշումը` կանխարգիլելու համար անոր ունենալիք հետեւանքները, յատկապէս` տնտեսական մարզին կողմէ փակումի հաւանականութեան դէմ ցուցաբերուող ամբողջական մերժումին լոյսին տակ:
Արաժի նշեց, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին պէտք է զգուշանալ «Քորոնա»-ի համաճարակին երկրորդ ալիքէն` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` դիմագրաւելու համար վատագոյնը:
Ան ընդգծեց, որ 14 օրով երկիրը փակելու որոշումը կրնայ առիթ մը ըլլալ` վատագոյնը դիմակայելու իմաստով:
Համատ Հասան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակի Ա. փուլին ընթացքին լիբանանեան ընկերութիւնն էր հերոսը, որովհետեւ այս համաճարակը գիտակցութեան կարիք ունի, եւ այդ գիտակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր էր, ու մենք այդ փուլին ընթացքին յաղթանակի պիտի հասնէինք, որովհետեւ աշխատանքը սկիզբէն ճիշդ հունի վրայ դրուած էր:
Հասան նկատել տուաւ, որ օրին կարգ մը լրատուամիջոցներ ժխտական դերակատարութիւն ունեցան, երբ անոնք լուսարձակի տակ առին «Քորոնա»-ի ախտաճանաչման քննութիւններուն արդիւնքներուն մէջ նշմարուած տարրալուծարանային կարգ մը սխալները, հակառակ այն իրականութեան, որ նման սխալներ բոլոր երկիրներուն մէջ կ՛արձանագրուին:
Հասան շեշտեց, որ «Քորոնա»-ի ժահրին տարածումին թափը մեղմացնելու համար պէտք է երկիրը ամբողջութեամբ փակել` աւելցնելով, որ մասնակի փակումին պատճառը երկրին տնտեսական տագնապալի իրավիճակն է, իսկ մասնակի փակումը պէտք եղած արդիւնքները չի կրնար ապահովել:
Հասան նշեց, որ այս փուլին ընթացքին աշակերտները դպրոցներուն մէջ ընդունելու, իսկ ուսանողները համալսարաններուն մէջ ընդունելու անպատեհութիւն չկայ, եթէ անոնք կանխարգիլման միջոցառումները կ՛օգտագործեն: