Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 94.236-ի բարձրացաւ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը, Պաապտայի պալատին մէջ:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի «Քորոնա» համաճարակին լոյսին տակ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ իրավիճակը հաւասարակշռելու ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:
Միւս կողմէ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, նշելով որ այսօր եւ վաղը դպրոցները պիտի մնան փակ` սպասելով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումին:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ երկիրը փակելու որոշումը չարիք մըն է, որ անհրաժեշտութիւն է, «իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ անոր յաջողութեան համար բոլոր պայմանները որդեգրուին եւ ոչ թէ երկու շաբթուան համար երկիրը փակելու սիրոյն փակուի», ըսաւ ան:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերեալ արձանագրուած խախտումները ոճիրի համազօր յանցագործութիւն են: Ան խիստ անհրաժեշտ նկատեց երկրին ընդհանուր փակումը: