Հասան. «Շաբաթավերջին Սկսած Ընդհանուր
Զօրաշարժի Դրութիւնը 90 Առ Հարիւրով Յարգուած Է»
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 105.430-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1163 նոր վարակուածներ:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ շաբաթավերջին սկսած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը 90 առ հարիւրով յարգուած է:
Ան նկատել տուաւ, որ այս լուրը ողջունելի է` յոյս յայտնելով, որ քաղաքացիները կը շարունակեն յանձնառու մնալ զօրաշարժին, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ որդեգրուելիք նախազգուշութիւններուն:
Հասան մաղթեց, որ սեփական հիւանդանոցները իրենց կարգին բարձրացնեն «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ ընդունելու իրենց պատրաստուածութեան համեմատութիւնը:
Իր կարգին, Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ կառավարական հիւանդանոցներուն յատկացուած գումարները հսկայական են` աւելցնելով, որ անոնք իրենց դրական արդիւնքը ունեցած են` «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու հոգատարութեան առումով:
Ան նախատեսեց, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին «Քորոնա»-ի համաճարակը շատ աւելի լայն ծաւալներով պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ` աւելցնելով սակայն, որ իր կարծիքով` «Քորոնա» ժահրը հակակշռելու պատուաստը պիտի գտնուի` նախքան այդ ժահրին յայտնաբերուելուն Ա. ամեակի ամբողջացումը:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենք խստիւ կը հետեւին ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութեան` աւելցնելով, որ արձանագրած են 5865 խախտումներ, որոնց պատճառով տուգանուած են քաղաքացիներ: