Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 107.953-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1507 նոր վարակուածներ:
Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու բաժանմունքի նախագահ գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը հսկեն ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութեան, այլ խօսքով` երկիրը փակ պահելու որոշումին գործադրութեան:
Մսալլեմ նշեց, որ երկրի տարածքին զետեղուած են հարիւրաւոր անցարգելներ` «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանելու համար քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ նուազեցնելու համար «Քորոնա» ժահրով վարակումներուն թիւը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը պարտաւոր են օրէնքը գործադրել այն քաղաքացիներուն հանդէպ, որոնք խախտումներ կը կատարեն:
«Պետութեան կողմէ տրուած որոշումին նպատակն է քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը ապահովել: Երկիրը փակ պահելու որոշումին նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը լաւ է, սակայն իւրաքանչիւր շրջանի համար առանձին արժեւորում չունինք», ըսաւ Մսալլեմ:
Մսալլեմ հաստատեց, որ մինչեւ երկուշաբթի կէսօր արդէն իսկ արձանագրուած են 7000 խախտումի պարագաներ:
Անդրադառնալով բանտերուն` Մսալլեմ հաստատեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ 535 արգելափակեալներ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են, Պաթրունի բանտին մէջ` 4, իսկ Զահլէի մէջ` 2 պարագաներ: