Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ երէկ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած երեք այլ պարագաներ, որոնց լոյսին տակ երկրին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 10-ի:
Նախարարութիւնը նշեց, որ նոր արձանագրուած պարագաները Իրանէն եկած առաջին օդանաւին ճամբորդներէն են, որոնք արդէն իսկ իրենց բնակարաններուն մէջ մեկուսացուած էին: «Անոնց ենթարկուած բժշկական քննութիւններուն արդիւնքը դրական արձանագրելէ ետք, անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց եւ կը գտնուին առողջապահական մեկուսարաններու մէջ», նշուեցաւ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Երէկ երեկոյեան առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի ճանչնայ միայն այն պարագաները, որոնք Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած են «Քորոնա» ժահրին յատուկ բժշկական քննութեան:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցի այն քաղաքացիները, որոնք Լիբանան վերադարձած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակով տառապող երկիրներէ, կրնան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ ձրիօրէն ենթարկուիլ բժշկական քննութեան:
Միւս կողմէ, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ յայտարարեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 33 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնցմէ 16-ը կարիք ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Միւս կողմէ, նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 17 պարագաներ արդէն իսկ ուղղուեցան իրենց տուները, ուր անոնք 14 օրուան ապաքինման պիտի ենթարկուին:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ կան 33 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:
Մինչ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները, համալսարանները, մանկամսուրներն ու արհեստից վարժարանները մէկ շաբթուան համար փակ կը մնան, երէկ Պետական պաշտօնեաներու լիկան վարչապետ Հասսան Տիապի յղեց գիր մը` խնդրելով, որ պետական հաստատութիւնները 15 օրով փակ մնան` իբրեւ նախազգուշութիւն «Քորոնա» ժահրի վտանգէն:
Նշենք, որ, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի որոշումով, կիրակնօրեայ շուկան երէկ փակ մնաց, իսկ, Նապաթիէի քաղաքապետարանին որոշումով, այսօր Նապաթիէի ժողովրդային շուկան կը մնայ փակ` շրջանի բնակչութեան եւ այդ շուկան այցելողներուն առողջապահութեան իբրեւ յանձնառութիւն:
Հարկ է աւելցնել, որ Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր յայտնեց, որ Իտալիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներէն ոչ ոք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, ըստ Իտալիոյ առողջապահութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն:
Իսկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իր քաղաքացիներէն պահանջեց Լիբանան այցելութիւններէն խուսափիլ` «Քորոնա» ժահրէն վարակուելու իբրեւ նախազգուշական քայլ: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած սէուտցիներուն` զգուշանալու եւ խճողուած վայրեր չյաճախելու, իսկ «Քորոնա» ժահրէն վարակուած ըլլալու որեւէ կասկածի պարագային դիմելու դեսպանատուն: