Վեհանոյշ Թեքեան
Յանկարծական էր, քառասունվեց տարի առաջ, քաղաքացիական, (դուրսէն դրդուած), պատերազմն ու անոր առթած սարսափը։ Անմիջապէս յաջորդեցին աւերուածութիւն, պանդխտութիւն, չքաւորութիւն։ Իսկ հիմա՝ ամենապարզ կեանք մը իսկ ապրելու անկարելիութիւն։ Արաբին կողքին, հայ ժողովուրդն ալ , որ ապրած է տասնամեակներու վրայ երկարող այս հիւծումը, թէ՛ յուսալքուած է, – երբ լուծուած հարցերը դարձեալ ու դարձեալ կը խրին անորոշին մէջ. եւ թէ՛ անոյժ – առօրեան հազիւ հազ կը քաշքշէ։
Անել թուացող կացութիւն մը, ստեղծուած այն իշխանութեան կողմէ, որ կոչուած է ղեկավարելու, կարգի դնելու երկիրը։ Դրամէն սկսած, ամէն բանի պակասի՛ն ներկայութիւնը կայ միայն։ Յեղափոխութիւնը՝ խորտակել ու սլանալ կը պահանջէ. պայքա՛ր է մինչեւ յաղթանակ։ Ապրուստի կարելիութիւն մնա՞ց, երբ մարդոց անձնական խնայողութիւնն իսկ կը զլացուի իրենց, իսկ շուկայի գիները բազմապատկուած են։ Ոյժ մնա՞ց։ Իտէալ մնա՞ց։ Երիտասարդութիւն մնա՞ց։ Առօրեան ապրելու հնհնո՛ւքը մնաց։
Տեւական օգնութիւն ստանալը կը տկարացնէ ինքնավստահութեան մկանները, վերականգնումի երազը, – ձգտում բառը չեմ գործածեր,- ա՛յդ ալ հոգական ոյժ կ՚ուզէ։ «Փառք Աստուծոյ, այսօր առանց յաւելեալ փորձանքի արթնցանք» կ՚ըսեն ծնողները, եւ կը պատրաստուին դիմակալելու օրուան թաւալքը, երեկուան, առջի օրուան զրկանքներուն առընթեր։ Հոգածութեան յարատեւ կարիք ունեցող երեխաներ կան, ծերեր կան, անկարողներ, հիւանդներ կան, գործազուրկեր կան։
Շփոթահար ու անդադար հարուածուող Ժողովուրդին վրայ ձգելու չէ ըմբոստութեան արարքի անկարելիութիւնը։ Ինչի՞ դէմ. քարը ճահիճի մէջ է, բայց տեղէն չի շարժիր։ Ժողովուրդին հոգին յօժար է, բայց մարմինը՝ տկար։ Բարեգործական կազմակերպութիւնները անկարելին իսկ կ՚ընեն, բայց մե՜ծ է փոսը։ Երանի միահամուռ ջանքերով կարենայ զօրանալ ու արժանապատիւ կեանք մը ունենալ Լիբանանի մէջ մեր տառապող համայնքը։
Արժանապատիւ կեանք՝ ծայրագոյն մղձաւանջի մէջ թակարդուած հայ ժողովուրդին, ամենուրե՛ք։
*****