Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ դեսպան Հուսամ Զաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման նպատակով Արաբական լիկայի որեւէ նախաձեռնութիւն ողջունելի է: «Արաբական լիկային կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը յարգելի է, իսկ Լիբանան` իբրեւ Արաբական լիկայի հիմնադիր երկիր, յանձնառու կը մնայ Արաբական լիկայի ուխտին հանդէպ յարգանքը պահելու եւ անոր տուած որոշումներուն հանդէպ դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն Զաքիին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր խոչընդոտները` ընդգծելով, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան: Ան շեշտեց, որ բոլորը պէտք է յարգեն այդ համաձայնագիրը, որուն հիման վրայ մշակուած է սահմանադրութիւնը:
Հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Զաքի շեշտեց Արաբական լիկայի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու համար Լիբանանին եւ քաղաքական հիմնական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններուն:
Նախագահ Աուն ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը:
Զաքի ընդգծեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրի` սպառնալիքի դիմաց գտնուելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը ջրած է նախագահ Աունի այն հաստատումը, թէ այդ համաձայնագիրին դէմ սպառնալիք չկայ, եւ թէ անիկա երկրին սահմանադրութեան հիմքն է ու պէտք է արժանանայ բոլորին յարգանքին:
Զաքի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բարդ է` աւելցնելով, որ կարելի չէ լիբանանեան տնտեսական տագնապը լուծել, առանց երկրին քաղաքական տագնապին ելք մը գտնելու:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Զաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զաքի Տիապի հետ հանդիպելէ ետք մաղթեց, որ կարելի ըլլայ յանգիլ լուծումի մը, որ Լիբանանը դուրս կը բերէ իր ներկայ տագնապէն:
«Տիապէն իմացայ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ապրուստի բաւական վատ իրավիճակին մասին: Երկիրը կը գտնուի վտանգներով լեցուն եւ խոցելի վիճակի մէջ», հաստատեց ան:
Զաքի նկատել տուաւ, որ երկրին տնտեսական կացութիւնն ու քաղաքական տագնապը կարիք ունին արաբական օժանդակութեան, որուն պատրաստ են, եթէ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն գտնուին:
«Կը մաղթեմ, որ այս հանդիպումներէն ետք կարելի ըլլայ Լիբանանը դուրս բերել իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն», յայտնեց ան:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Զաքին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Պըրրիի արծարծած միտքերուն մասին որոշ մանրամասնութիւններ:
Զաքի նշեց, որ Պըրրիի միտքերուն շուրջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի, «եւ պէտք է ազգային պատասխանատուութիւնը ամէն բանէ վեր նկատել, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնել երկրին եւ լիբանանցիներուն դուրս գալու այս տագնապէն», ըսաւ ան:
Զաքի յայտնեց, որ իրենք կը գործեն Արաբական լիկայի որոշումներուն հիման վրայ, եւ իրենց նպատակն է Լիբանանը իր ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս բերել: «Արաբական լիկան նախապէս զօրակցութիւն յայտնած էր ֆրանսական նախաձեռնութեան` երկիրը փրկելու առաքելութեամբ մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով», ըսաւ Զաքի:
Հարիրի – Զաքի Հանդիպում
Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Հուսամ Զաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զաքի յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է Արաբական լիկային փափաքը` Լիբանանը դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապէն, որ աւելի եւս կը սրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու պատճառով:
«Հարիրիին յայտնեցինք Լիբանանը իր ներկայ տագնապէն փրկելու անհրաժեշտութիւնը եւ Արաբական լիկային պատրաստակամութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ հանդիպելու, կամ ալ անոնց հանդիպումին համար արաբական երդիք մը ապահովելու», ըսաւ ան:
Զաքի նշեց, որ իրենք անձնական կերպով չեն վերաբերիր հարցերուն հետ եւ արդէն իսկ ծանօթ են քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքներուն:
Ան նշեց, որ Հարիրիի կեցուածքը լսած է, ինչպէս նաեւ իմացած է կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտներուն մանրամասնութիւնները: «Այս իմաստով Պըրրիի առաջարկը գրեթէ բոլորին կողմէ ընդունուած է, իսկ ես հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակեմ` լուծման մը յանգելու նպատակով», ըսաւ ան:
Զաքի կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին մտածելու եւ քաղաքական նեղ հաշիւներէն դուրս գալու: «Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է, որ զինք իր տնտեսական տագնապալի վիճակէն դուրս բերենք: Ճի՛շդ է, որ Լիբանան դժուար կացութեան մէջ է, սակայն ան կ՛ուղղուի դէպի աւելի դժուար եւ բարդ իրավիճակ, որ կ՛ուզենք կանխարգիլել», ըսաւ ան:
Զաքի յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները` աւելցնելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ հաղորդակցելու հաւանականութիւնը:
«Պէտք է իմանալ բոլորին կեցուածքները եւ իմանալ տարակարծութիւնները, որպէսզի անոր հիման վրայ կարելի ըլլայ դուրս գալ տիրող կացութենէն», յայտնեց ան:
Ժոմպլաթի Հետ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Հուսամ Զաքին: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: