Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահական պալատին մէջ գլխաւորեց Լիբանանի օժանդակող երկիրներու անդամներուն նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնաք Աքր, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէ, ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, նախագահ Աունի խորհրդատու Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ շարք մը խորհրդատուներ:
Նշենք, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն անդամներն են Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ, Բրիտանիոյ դեսպան Քրիսթոֆըր Ռամփլինկ, Գերմանիոյ դեսպանատան գործավար Միքայել Ռոս, Իտալիոյ դեսպանատան գործավար Ռոպերթա տէ Լիչէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ, Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ, Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Ապտել Ռահման Սոլհ եւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սարուժ Քումարճահ:
Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Աուն վարչապետ Տիապի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման վերաբերող արշաւին մանրամասնութիւնները:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած, Լիբանանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպան Պեռնարտեթթա Քաթալայի յիշատակը:
Նախագահ Աուն Լիբանանի օժանդակող երկիրներու անդամներուն ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ առողջապահական կացութեան մանրամասնութիւնները, «Քորոնա» համաճարակին ունեցած հետեւանքները` երկրին տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը մշակէ ելեւմտական-տնտեսական ամբողջական ծրագիր մը, որուն նպատակն է Լիբանանին ազգային փրկութիւն ապահովել:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այս ծրագիրը գրեթէ աւարտած է` աւելցնելով, որ ծրագիրը կը միտի լուծել տնտեսական, ելեւմտական ու կառուցային խնդիրներ, տնտեսութեան ու ելեւմտական մարզերուն նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնել եւ այդ մարզերը աշխուժացնել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընդհանուր պարտքը նուազեցնել:
Նախագահ Աուն ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած դժուար մարտահրաւէրները` տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ առողջապահական մարզերուն առումով, յատկապէս նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին ստեղծած կացութիւնն ու անոր հետեւանքները:
Ան հաստատեց, որ կառավարութեան մշակած բարեկարգումի ծրագիրը արտաքին օժանդակութեան կարիք ունի` նիւթական օժանդակութեան իմաստով, յատկապէս Լիբանանի օժանդակող երկիրներէն, «որպէսզի Լիբանան կարենայ իր կենսական մարզերը` ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, դրամատնային ու փոխադրութեան ոլորտները բարելաւել», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն Միջազգային ընտանիքին ու ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն վերյիշեցուց իրենց ունեցած պատասխանատուութիւնը` Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու եւ գաղթականներու տագնապները լուծելու: Ան նշեց, որ յատկապէս «Քորոնա»-ի համաճարակին սպառնացող վտանգին դէմ յանդիման պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել, որ տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն գաղթակայաններուն մէջ այդ ժահրին տարածումը կանխարգիլուի, ինչպէս նաեւ անոնց բժշկական խնամք ապահովուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը իր ծրագիրին մէջ ներառած է այդ մէկը:
Իր կարգին վարչապետ Տիապ ներկայացուց կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` բարեկարգելու համար երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ հասած է երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերուն բարեկարգումներ ապահովող ծրագիրի մշակման աւարտին: «Անխոնջ աշխատանքով փորձեցինք մշակել ծրագիր մը, որուն մէջ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել լիբանանցի ժողովուրդին արդար եւ մարդկային իրաւունքներ, որոնք իրենց կարգին ընդունելի նկատուին Միջազգային ընտանիքին կողմէ», յայտնեց ան:
Վարչապետ Տիապ նշեց, որ կառավարութիւնը հասած է այն եզրակացութեան, որ Լիբանան կարիքը ունի իր նիւթական պարտաւորութիւնը տոլարով եւ լիբանանեան դրամանիշով վերադասաւորելու: Ան խոստացաւ ամբողջական ծրագիր մը իրականացնել` վերակազմաւորելու եւ ամրապնդելու համար դրամատնային մարզն ու Կեդրոնական դրամատան հաշուեկշիռը:
Տիապ նկատել տուաւ նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահին եւ իր կառավարութեան կողմէ որոշում տրուած է Կեդրոնական դրամատան հաշիւները ճշդելու` իբրեւ հաւատարմութիւն թափանցիկութեամբ գործելու իրենց խոստումին, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար իրենց բանակցային կեցուածքը` Լիբանանի պատմութեան այս դժուար պայմաններուն մէջ:
Վարչապետ Տիապ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն անդամներէն խնդրեց կարելի եղածին չափ նիւթական արտաքին օժանդակութիւն ապահովել Լիբանանին, հակառակ տիրող միջազգային դժուար եւ ծանր պայմաններուն:
«Մենք մեր ժողովուրդը համոզեցինք, որ դժուար ընտրանքներու պիտի դիմենք` տարբեր մարզերու առումով, եւ անոր փոխարէն արդար կը գտնենք, որ ձեր օժանդակութիւնը առիթ ընծայէ մեզի` մեղմացնելու աւելի քան կէս դարէ ի վեր տառապող ժողովուրդի մը դժուարութիւններն ու ցաւերը», հաստատեց Տիապ:
Վարչապետին խօսքէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ եւ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան ներկայացուցին իրենց մարզերուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոնց վիճակի բարեկարգման համապատասխան պատկերացումները:
Իր կարգին, Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ ՄԱԿ կ՛ողջունէ Լիբանանի կողմէ առնուած բոլոր քայլերը` «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու եւ հակակշռելու, ինչպէս նաեւ վարակուածները բուժելու առումով:
Ան գնահատեց նաեւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն համար կառավարական հիւանդանոցները կահաւորելու եւ առողջական մեկուսարաններ պատրաստելու կառավարութեան նախաձեռնութիւնը:
Քիւպիչ բարձր գնահատեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իր պատրաստակամութեան եւ զոհողութիւններուն կողքին, լիբանանեան պետութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ կարիքաւորներուն օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում կայացուցած է եւ այդ ուղղութեամբ կը գործէ: Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ եւ Միջազգային դրամատունը, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ գործընկերներ կը գործեն Լիբանանի կառավարութեան հետ` ապահովելու համար երկրին ընկերային անվտանգութիւնը եւ մեղմացնելու համար Լիբանանի կառավարութեան բեռը:
Ան նշեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանի կառավարութեան զօրակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով` ընդգծելով, որ ՄԱԿ եւ Միջազգային ընտանիքի անդամները կը շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու ի խնդիր:
Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան, յատկապէս առողջապահութեան նախարարին ջանքերը` հակակշիռի տակ պահելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը: Ան դրուատեց նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովելու գործողութիւնը, որ պէտք եղած խստութեամբ գործադրուեցաւ:
Ֆուշէ նշեց, որ Փարիզ կ՛ողջունէ Տիապի կառավարութիւնը, որ տքնաջան աշխատանք կը տանի` ընդգծելով, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանին զօրակցութեան:
Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛օժանդակէ Լիբանանին եւ պիտի շարունակէ զօրակցիլ անոր: Ան նկատել տուաւ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը 168 միլիոն եւրօ յատկացուցած է ընկերային եւ կրթական մարզերուն բարգաւաճման համար, իսկ 80 միլիոն եւրօ` բժշկական մարզին:
Թրաֆ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան առումով «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն գործադրութեան:
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկ բարձր գնահատեց Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերը` բժշկական եւ առողջապահական մարզին մէջ: Ան ողջունեց կառավարութեան կողմէ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրի պատրաստութիւնը` ընդգծելով անոր անյապաղ գործադրութիւնը` կարենալ ստանալու համար պէտք եղած օժանդակութիւնները:
Ռամփլինկ հաստատեց, որ Բրիտանիա նախանձախնդիր կը մնայ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան, պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, որ դարձեալ Լիբանանի առաջնահերթութիւններէն է:
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է բարեկարգէ իր տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերը` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին: Ան ողջունեց «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ Լիբանանի կառավարութեան մղած պայքարը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:
Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան հաստատեց, որ Չինաստան մօտէն կը գործակցի Լիբանանի կառավարութեան հետ` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու առումով` հաստատելով, որ Չինաստան պատրաստ է Լիբանանի կառավարութեան հետ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութիւնը ամրապնդելու: Ան շեշտեց, որ Չինաստան պիտի շարունակէ Լիբանանին օժանդակել:
Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Մոսկուա Լիբանանի կառավարութեան կը զօրակցի եւ կ՛օժանդակէ` աւելցնելով, որ այդ օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին` Լիբանանի կառավարութեան կարիքներուն համաձայն: