Լիբանանի օժանդակ երկիրներու միջազգային խմբաւորումը Պէյրութի մէջ իր նիստը գումարելէ ետք մաղթեց, որ 15 մայիս 2022-ին Լիբանանի մէջ կայանան ազատ, պարկեշտ, թափանցիկ եւ ամբողջական երեսփոխանական ընտրութիւններ:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ միջազգային ընտանիքը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման զօրակցելու եւ նիւթական, թեքնիք եւ քաղաքական օժանդակութիւններ տրամադրելու, այսուհանդերձ այդ ընտրութիւնները նախ եւ առաջ լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքն են եւ անոր տեսլականն ու ձգտումները: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը գերիշխանական պատասխանատուութիւն է, որ պէտք է լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ գործադրուի», կը նշէ խմբաւորումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Միջազգային խմբաւորումը կոչ ուղղեց, որ ընտրութիւններէն երեք ամիս առաջ բոլորը զբաղին նախապատրաստական աշխատանքներով` յարգելով սահմանադրական ժամկէտները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն` ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւնները հեզասահ ընթանան:
Այս շրջագիծին մէջ խմբաւորումը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ նիւթական աղբիւրներ տրամադրուին` ներքին լիբանանեան ու արտաքին մակարդակի վրայ ընտրութիւնները կազմակերպելու եւ օժանդակելու, որ ներքին գործոց նախարարութիւնն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող խորհուրդը իրենց աշխատանքները լիովին կատարեն` երաշխաւորելով նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը:
Լիբանանի օժանդակ երկիրներու միջազգային խմբաւորումը կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն առնելու պէտք եղած քայլերը եւ իրենց ընտրացանկերուն վրայ նկատի ունենալու կին ներկայացուցիչները, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական կեանքին մէջ կիներուն մասնակցութիւնը ամրապնդել:
Խմբաւորումը ընդգծեց, որ ինք կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: