Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ուրբաթ, 16 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի Յիսուսեան միաբաններու Սէն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Համերգին ներկայ էին նախարարներ, կրօնական, քաղաքական եւ մշակոյթի գործիչներ:
Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Յարութ Ֆազլեանի ղեկավարութեամբ հնչեցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Մաքս Պրուհխի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Նեպիլ Սայիտ Ժաաֆարի (լիբանանցի յօրինող, 1980-ականներուն ուսանած է Երեւանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ) գործերը:
Համերգի բացման իր խօսքին մէջ դեսպան Ս. Մկրտչեան հակիրճ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ պետականութեան տարբեր շրջաններուն եւ արժեւորեց 1918-ին երկար դարերու ընդմիջումէ ետք, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան վերականգնումը: Ան Ա. հանրապետութեան ստեղծումն ու կազմաւորումը որակեց իբրեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական ձգտումներու եւ նպատակներու իրականացում: «Ա. հանրապետութիւնը դրաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պետականութեան հիմքերը, որոնց վրայ խարխսուած է նաեւ ներկայ 27-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը», նշեց դեսպանը:
Համերգին իր կատարողական արուեստով փայլեցաւ երիտասարդ, տաղանդաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեան: Գերմանացի յօրինող Մաքս Պրուհխի «Ջութակի եւ նուագախումբի հ.1 քոնչերթօ»-ի կատարումը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատականին: