Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ
120-ի, Իսկ Վարակուածներու Շարքին Բուժուած Են 2 Պարագաներ
Կառավարութեան յայտարարած առողջապահական արտակարգ վիճակն ու ընդհանուր զօրաշարժը արդէն իսկ սկսած է գործադրուիլ:
Լիբանանցիներուն կողմէ այդ միջոցառումներուն ընդառաջումը շրջանէ շրջան կը տարուբերի, սակայն քաղաքացիները մեծաւ մասամբ կ՛ենթարկուին որդեգրուած այդ միջոցառումներուն:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 120-ի:
Իր կարգին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած երկու պարագայ եւս բուժուած է` Լիբանանի մէջ բուժուածներուն թիւը հասցնելով 3-ի:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն յանձնառու մնալու կառավարութեան որդեգրած միջոցառումներուն եւ իրենց բնակարաններէն դուրս գալու` միայն անհրաժեշտ պարագային:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ ներկայ երկու շաբաթները ամէնէն վտանգաւորը կը նկատուին Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը իր գրաւը դրած է վարակուած պարագաներու հաւանական թիւի մը վրայ, որուն հասնիլն ու բժշկական խնամք տրամադրելը պետութեան կարողութեան սահմաններուն մէջ պիտի ըլլայ:
Հասան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու ամէնէն հաւանական տեղը հանրային փոխադրութիւնն է` աւելցնելով, որ ենթական 60-70 առ հարիւրով հակամէտ կ՛ըլլայ վարակուելու:
Ան հաստատեց, որ ինք կը հաւատայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու լիբանանցիին կարողութեան` աւելցնելով, որ քննութիւնը դժուար է, սակայն ինք կը հաւատայ, որ Լիբանան պիտի կարենայ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած համաճարակը հակակշռել:
Հասան նշեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն 80 առ հարիւրը ախտանշանները չեն զգացած, սակայն վարակուած ըլլալու պարագային` անկարելի է կարելիի սահմաններուն մէջ բուժման միջոցներուն չդիմել:
Հասան շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած երէկուան պարագաներէն երեքին մօտ կարելի չէ եղած ճշդել վարակման աղբիւրը:
Ան ընդգծեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի բոլոր հիւանդանոցները կարելիութիւնը պիտի ունենան Քորոնա» ժահրի քննութիւնը կատարելու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդ մը փորձած է հիւանդանոցէն փախուստ տալ` աւելցնելով սակայն, որ ան բռնուած է` նախքան հիւանդանոցէն դուրս գալը:
Ապիատ յայտնեց, որ հիւանդանոցի առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ գտնուող հիւանդները հոգեկան ճնշումի կ՛ենթարկուին: Ան կոչ ուղղեց հիւանդներուն զգուշանալու իրենց հոգեկան առողջութեան վրայ` աւելցնելով, որ հիւանդանոցը արագ համացանցի դրութիւն կը տրամադրէ իր հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի արբանեակային կայաններու տեսականի մը:
Ապիատ նշեց, որ մեկուսարանին մէջ գտնուող հիւանդներուն ընտանեկան պարագաները օրական երկու անգամ անոնց այցելելու արտօնութիւն ունին, «բայց եւ այնպէս հասկնալի է, որ անոնք իրենց բնակարաններուն նման հանգիստ չեն կրնար ըլլալ, եւ շաբաթներով առողջապահական մեկուսարանի մէջ մնալը դժուար է», հաստատեց ան:
Երեկոյեան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ այն պարագաները, որոնք իրենց քննութիւնը կատարած են Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, օրական դրութեամբ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00 կրնան հեռաձայնել 01-832020 թիւին` իմանալու համար իրենց քննութիւններուն արդիւնքները:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-էն սկսեալ կարելի է բջիջային հեռաձայնի վրայ RHUH էփ-ը զետեղել` իմանալու համար քննութեան արդիւնքը` առանց ուրիշին հետ շփում ունենալու:
Յիսուսեան միաբանութեան Լիբանանի նախագահ հայր Տենի Եունես յայտնեց, որ Պէյրութի եւ Պիքֆայայի վանքերուն մէջ ցարդ 11 վանականներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
Ան նշեց, որ անոնցմէ 4-ը արդէն իսկ հիւանդանոց փոխադրուած են, իսկ մնացեալ 7-ն մեկուսարաններու մէջ կը գտնուին եւ համապատասխան բուժման կ՛ենթարկուին:
Ան կոչ ուղղեց, որ այս վանականներուն հետ շփումի մէջ գտնուած խնդրոյ առարկաները իրենց կարգին առողջապահական մեկուսարաններու ենթարկեն իրենք զիրենք` Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան ցուցմունքներուն համաձայն:
Այս շրջագիծին մէջ Պիքֆայա-Մհայտսէի քաղաքապետութիւնը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը իրենց բնակարաններուն մէջ աղօթելու եւ միայն անհրաժեշտ պարագաներու ընթացքին դուրս գալու իրենց բնակարաններէն:
Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան երէկ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայան էջք կատարած է Իրանէն հասած օդանաւ մը:
Հասան նկատել տուաւ, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը խստօրէն կը հետեւի պետութեան տուած այն որոշումներուն, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակ ունեցող երկիրներէն թռիչքները կասեցուած են:
Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը մաղթեց, որ լրատուամիջոցները իրենց տեղեկութիւնները ստուգեն` նախքան այդ մասին լուրեր հրապարակելը:
Հասան հաստատեց, որ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուող բոլոր թռիչքները պիտի կասեցուին:
Հասան կոչ ուղղեց օդանաւային ընկերութիւններուն հետեւելու քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ցուցմունքներուն` հաստատելով, որ այդ թռիչքներէն կը բացառուին օդային շտապի կամ զինուորական նպատակներու համար թռիչքները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ու միջազգային կազմակերպութեանց պատուիրակութիւններու կամ ներկայացուցիչներու փոխադրութեան յատուկ եւ ապրանքատար կարգ մը թռիչքներ:
Ան նշեց, որ արտերկրի մէջ գտնուող լիբանանցիները մինչեւ չորեքշաբթի, 18 մարտ 2020 պէտք է վերադառնան Պէյրութ:
Անշուշտ ասիկա առիթ չի տար, որ Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Իրանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի թռիչքները հասնին Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Հասան յոյս յայտնեց, որ բոլոր օդանաւային ընկերութիւնները յանձնառութեամբ կը մօտենան այս որոշումներուն եւ ցուցմունքներուն:
Նշենք, որ երէկ Քաայի սահմանային անցքը փակուեցաւ Լիբանան ուղղուողներուն դէմ: Այդ անցքը բաց մնաց Լիբանանէն հեռացող սուրիացիներուն դիմաց:
Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երեսփոխաններուն առողջապահութեան հանդէպ յանձնառութիւնը նկատի ունենալով եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշուած է չորեքշաբթի օր Այն Թինէի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական հանդիպումը ջնջել:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, անհրաժեշտ նկատուած է նաեւ մէկ շաբթուան համար խորհրդարանական բոլոր յանձնախումբերուն նիստերը յետաձգել, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններու գրասենեակներուն բաժինը փակել, որպէսզի կարելի ըլլայ գրասենեակները հականեխել:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի, Հունգարիոյ, Ինտոնեզիոյ, Փաքիստանի եւ Իտալիոյ դեսպաններուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան իւրաքանչիւր երկրի հետ Լիբանանի երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն կողմէ Լիբանանի մատուցուելիք օժանդակութիւնը` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար:
Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն իրենց դռները փակ պահելու իմաստով դրամատուներուն տուած որոշումը: Ան հաստատեց, որ դրամատնային մարզը լիբանանցիներու առօրեային մաս կազմող աշխուժ մարզ մըն է:
Ուազնի նկատել տուաւ, որ պէտք է աշխատանքային ժամերը ճշդելու առումով դասաւորում մը կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիներուն ելեւմտական գործառնութիւններն ու կարիքները հոգալ` յատկապէս երկրին դիմագրաւած այս տագնապալի, դժուար եւ զգայուն իրավիճակին:
Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ որոշեց Դրամատուներու միութենէն պահանջել, որ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դրամատուներուն պաշտօնեաները մնան իրենց բնակարանները, մինչեւ որ կարելի ըլլայ «Քորոնա» ժահրին տարածումը հակակշիռի տակ առնել:
Համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց միութեան, որ դրամատուներու ընդհանուր տնօրէնութիւնները ներկայանան աշխատանքի եւ բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ աշխատանքը նուազագոյնի իջեցնեն, մինչեւ 29 մարտ 2020:
Համադաշնակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ ելեկտրոնային դրամարկղերէն դրամ ստանալու դրութիւնը շարունակուի, որպէսզի պաշտօնեաները կարենան իրենց ամսական աշխատավարձերը ստանալ:
Երեկոյեան Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ միութիւնը պիտի ընդառաջէ Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան պահանջին` 17-29 մարտ 2020 փակ պահելով դրամատուներուն դռները, այսինքն` մինչեւ կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը, յանձնառու մնալով դրամատուներուն պաշտօնէութեան եւ անոնց ընտանիքներուն առողջութեան:
Միութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ դրամատուները իրենց ծառայութիւնները պիտի շարունակեն մատուցել ելեկտրոնային դրամարկղի միջոցով, դրամատնային քարտերով, ինչպէս նաեւ ամսական աշխատավարձերը ապահովելով:
Միութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գործակցելու Լիբանանի իշխանութիւններուն հետ` լուծելու համար քաղաքացիներուն դրամատնային հրատապ հարցերը:
Նախարար Ուազնի, անդրադառնալով այս հաղորդագրութեան, պահանջեց Դրամատուներու միութեան որոշումը փոխանցել ընդհանուր դատախազութեան:
Ուազնի նկատել տուաւ, որ Դրամատուներու միութիւնը նուազագոյն ճիգը չի կատարեր` քաղաքացիներուն շահերը ապահովելու:
Ուազնիի այս յայտարարութիւնը իր կարգին արժանացաւ Դրամատուներու միութեան պատասխանին, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ իր տուած որոշումը համահունչ է ընդհանուր զօրաշարժի ենթարկուելու կառավարութեան որոշումներուն եւ ցուցմունքներուն:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ դրամատնային մարզին մէջ կը գործեն 27 հազար պաշտօնեաներ, որոնք, ինչպէս միւս քաղաքացիները, իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն առողջութիւնը պահպանելու իրաւունք ունին` այս արտակարգ փուլին ընթացքին:
Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նախարարութեան դիմագրաւած աշխատանքային արտակարգ պայմաններուն:
Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ «Քորոնա» Ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով, արդարութեան նախարարութեան մէջ ճշդուած են աշխատանքային յատուկ ժամեր, որոնք սկսան գործադրուիլ երէկ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ 29 մարտ 2020:
Միւս կողմէ, նախարար Նաժըմի որոշումով Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր նոտարները մինչեւ 29 մարտ 2020 պիտի փակեն իրենց գրասենեակներուն դռները:
Պէյրութի քաղաքապետ Զիատ Շպիպ Պէյրութի բնակիչներէն խնդրեց իրենց բնակարաններուն մէջ մնալ եւ անոնցմէ դուրս գալ միայն անհրաժեշտութեան պարագային:
Շպիպ Պէյրութի քաղաքապետութեան ոստիկաններուն պարտականութիւն տուաւ գործադրելու պետութեան եւ նահանգապետութեան որոշումները, ինչպէս նաեւ հետապնդելու եւ պատժելու օրինազանցները:
Պաալպեք-Հերմելի քաղաքապետ Պաշիր Խտըր հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ Պաալպեք-Հերմելի
բոլոր հաստատութիւնները պէտք է փակ մնան, բացի սննդամթերքի վաճառատուներէն, դեղարաններէն, դարմանատուներէն, հիւանդանոցներէն եւ ճաշ առաքող ճաշարաններէն:
Խտըր հրահանգեց բոլոր քաղաքապետարաններու ոստիկանութեան ցրուել որեւէ տեսակի համախմբում:
«Կը ցաւիմ նման խիստ որոշումներ եւ ցուցմունքներ տալու համար, սակայն կը հաւատամ, որ առողջ վիճակի մէջ եւ կամենալով մեկուսացուիլը շատ աւելի լաւ է, քան` վարակուած վիճակի մէջ պարտադրուելիք առողջապահական մեկուսարանը», հաստատեց Խտըր:
Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրը պաշարելու Չինաստանի գործադրած յաջող շրջափակումը ամբողջ աշխարհը փրկած է աւելի հսկայ ու լայնատարած վարակումէ:
Քիճիան հաստատեց, որ Լիբանանի որդեգրած կանխարգիլման միջոցառումները կը համապատասխանեն Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան չափանիշներուն:
Ան շեշտեց, որ Չինաստանի մէջ ապրող լիբանանցիներէն ոչ ոք «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` աւելցնելով, որ Չինաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն հետ կապի մէջ է եւ Չինաստանի կառավարութեան հետ կը գործակցի` զանոնք պաշտպանելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան հաստատեց, որ Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանցիներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է:
Ատուան հաստատեց, որ Լիբանան Ֆրանսայէն շատ աւելի արագ էր` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու միջոցներուն դիմելու իմաստով:
Նշենք, որ տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ եւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ղատա Շրայմ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Սեզար Մաալուֆ եւ Ֆարիտ Պուսթանի մարտ ամսուան իրենց աշխատավարձերը զետեղեցին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ազգային սնտուկին տրամադրութեան տակ: