Ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ: Երկրորդ օրն ըլլալով լիբանանցիները փակ պահեցին Լիբանանի տարբեր շրջանները եւ բոլոր շրջաններուն մէջ հրկիզեցին անիւներ ու փողոցը մնացին` «Յեղափոխութիւն» գոռալով:
Իւրաքանչիւրը անվարան մօտեցաւ այդ շրջանին մէջ գտնուող լրագրողին եւ ներկայացուց իր բողոքը` պահանջելով համապատասխան լուծումներ, որոնք հիմնուած են զուտ քաղաքացիական իրաւունքներու վրայ:
Ելեկտրականութեան, ջուրի, բժշկութեան, ուսման եւ արժանապատուութեամբ ապրելու քաղաքացիական տարրական իրաւունքներուն դիմաց այլ քաղաքացիներ եւս միացան այդ ցոյցին եւ իրենց պահանջները մէկտեղեցին իրենց եղբայր քաղաքացիներուն հետ:
Պէյրութի մէջ ցոյցի հիմնական վայրը եղաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակը, ուր արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ամբողջ օրուան ընթացքին ցուցարարները հնչեցուցին «Ժողովուրդը կ՛ուզէ տապալել վարչակարգը» կարգախօսը:
Ցուցարարները քանդեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող հսկայ շէնքերուն ապակեայ ցուցափեղկերը եւ յետմիջօրէէն մինչեւ գիշեր անիւներ հրկիզեցին:
Ռինկի կամուրջը իր կարգին մնաց փակ, եւ ցուցարարները ողողեցին Կեդրոնական Պէյրութն ու Նահատակաց հրապարակը, ինչպէս նաեւ Պշարա Խուրի փողոցը:
Կեդրոնական Պէյրութի եւ Ռիատ Սոլհի շրջանին մէջ վարչապետ Հարիրիի ուղերձէն ետք ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուեցան: Բախումները պատճառեցին վիրաւորներ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներքին ապահովութեան ուժերը արցունքաբեր կազերով փորձեցին Ռիատ Սոլհի մէջ գտնուող ցուցարարները ցրուել:
Գիշերուան ժամը 11:00-ին, Ռիատ Սոլհի եւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող բոլոր ցուցարարները ցրուեցան` իրենց ետին ձգելով փշրուած ապակեայ ցուցափեղկերով վաճառատուներ եւ դրամատուներ, ինչպէս` «Պլոմ» եւ «Մաուարետ» դրամտուները: Անոնք քանդեցին Կեդրոնական Պէյրութի փողոցները եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին մայրաքաղաքին:
Լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերաբանալու Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբաները:
Բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան ներքին ապահովութեան ուժերու 52 ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ ձերբակալուեցան 70 ցուցարարներ, որոնք խափանարարական արարքներ գործած էին:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ անոր հետ համաձայնեցաւ ջնջել Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստը:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին վարչապետը լիբանանցիներուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ ան ըսաւ, թէ իրենք ընտանիք մըն են, որ Լիբանան կոչուած են եւ պիտի շարունակեն կոչուիլ Լիբանան:
Հարիրի յայտնեց, որ երեք տարիէ ի վեր կը ջանայ իսկական լուծումներ ապահովել Լիբանանին: «Երէկուընէ ի վեր մեր վկայածը իսկական ցաւ է, որ կը զգամ եւ կը ճանչնամ, ինչպէս նաեւ կը զօրակցիմ խաղաղ շարժումներուն, սակայն կարեւորը կը մնայ տագնապին լուծման միջոցը», նշեց ան:
Վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լուծելու երկրին տնտեսական տագնապը` աւելցնելով, որ բարեկարգում չի նշանակեր տուրքերու պարտադրում:
Հարիրի նշեց, որ ինք հսկայ ջանքեր ի գործ դրած է Լիբանանին ներդրումներ ապահովելու նպատակով, սակայն իր ճիգերը միշտ արգելքներու եւ խոչընդոտներու կը հանդիպին: Ան նկատել տուաւ, որ ինք չի զղջար նախագահական համաձայնութիւնը կատարելուն համար, սակայն կը փափաքի ինքնիրեն կարճ ժամանակամիջոց մը ճշդել, որուն ընթացքին կ՛ակնկալէ, որ իշխանութեան իր գործընկերները կը սկսին բարեկարգումներու գործադրութեան: «Եթէ այս կարճ ժամկէտին, ընթացքին յստակ պատասխաններ չունենամ, ապա հանդէս պիտի գամ տարբեր բովանդակութիւն կրող ուղերձով մը: Իսկ կարճ ժամկէտը 72 ժամ է», ըսաւ վարչապետ Հարիրի:
Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէջ հաւաքուած ցուցարարները կէսօրէ ետք ուղղուեցան նաեւ Նախագահական պալատ առաջնորդող ճամբուն սկիզբը, ուր անոնք մնացին մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, երբ վարչապետ Հարիրի աւարտեց իր խօսքը:
Այդ ճամբուն վրայ գտնուող մեծ թիւով քաղաքացիները ժամը 7:15-ին յայտարարեցին, որ որոշած են յառաջանալ դէպի նախագահական պալատ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահական պալատի ճամբուն վրայ բուռն բախումներ արձանագրուեցան ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ, երբ ցուցարարները ընդգծեցին, որ իրենց արեան գնով պիտի ներխուժեն նախագահական պալատ:
Աւելի ուշ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ռամի Օլլէյքի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը զգայ անոնց ցաւը, որ նաեւ իր ցաւն է` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` մեղմացնելու համար քաղաքացիներուն տառապանքը:
«Սկսած ենք որդեգրել շարք մը միջոցառումներ, որոնք կ՛ընդառաջեն ձեր պահանջներուն, եւ այդ ուղղութեամբ ալ պիտի շարունակենք աշխատիլ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Օլլէյք իր կարգին նշեց, որ նախագահ Աունէն պահանջած են բարեկարգումներ կատարել, փտածութեան թղթածրարներ բացայայտել` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը եւ կոչ կ՛ուղղեն կազմելու արտակարգ վիճակի կառավարութիւն մը:
Կէս գիշերին նախագահական պալատ տանող փողոցները արդէն իսկ դատարկուած էին ցուցարարներէն:
Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ շարժումը եւ բողոքի ցոյցերը սկսան երէկ: Ցուցարարները հրկիզեցին նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի լուսանկարներն ու որմազդները, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի լուսանկարները:
Անոնք ուղղուեցան նաեւ Միքաթիի բնակարանը` ներխուժելու միտումով, սակայն բանակը շրջափակեց անոր բնակարանը եւ ցրուեց ցուցարարները:
Ցասկոտ ցուցարարները ուղղուեցան Ժապալ Մըհսենի մէջ գտնուող երեսփոխան Ալի Տարուիշի գրասենեակը եւ քանդեցին զայն:
Երեկոյեան ցուցարարներուն եւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապի թիկնապահներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին Ահտապի թիկնապահները կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ, վիրաւորուեցան եօթը երիտասարդներ, որոնցմէ մէկը` ծանրօրէն:
Այդ միջադէպին պատճառով ցուցարարները յարձակեցան Ահտապի ինքնաշարժներու կառատունը եւ խափանարարական արարքներ գործեցին անոր գրասենեակին մէջ` հրկիզելով զայն:
Շուրջ ժամ մը ետք, լիբանանեան բանակը ձերբակալեց Ահտապի այն թիկնապահը, որ կրակ բացած էր ցուցարարներուն դէմ:
Աւելի ուշ Ահտապ բանակին յանձնեց իր երկրորդ թիկնապահը, որ դարձեալ յանցագործութիւն կատարած էր:
Վարչապետ Հարիրիի ուղերձէն ետք, ցուցարարները ներխուժեցին Թրիփոլիի «Փաչի» վաճառատունը եւ հոն գտնուող տուրմերը բաժնեցին ցուցարարներուն:
Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան մինչեւ կէս գիշեր:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի կարգ մը երեսփոխաններ ու նախարարներ երէկ Պաապտայի մէջ ընդունուեցան նախագահ Աունի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժողովուրդին ցասումը արդարացի է` աւելցնելով, որ պատահածը տարիներու կուտակումին պոռթկումն է եւ իրենց դէմ ուղղուած չէ:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ պատահածը կարելի է վերածել Լիբանանն ու անոր տնտեսութիւնը փրկելու առիթի եւ կամ Լիբանանը մղել տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական աղէտի, քաոսի ու սադրանքի:
Պասիլ հաստատեց, որ նախագահ Աուն բարեկարգումներու ծրար մը առաջարկած է, եւ զայն պէտք է գործադրել: «Կառավարութեան հրաժարականը կրնայ երկիրը յաւելեալ մառախուղի մէջ թաղել», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է անպայման վաւերացնել երեք օրէնքներ, որոնք են դրամատնային գաղտնապահութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու, ինչպէս նաեւ գողցուած դրամները վերադարձնելու օրէնքները:
Պասիլ իր յայտարարութիւնները աւարտեց շեշտելով, որ կարելի չէ առանց բարեկարգումներու վաւերացնել 2020-ի պետական ամավարկը: «Կը մերժենք ժողովուրդին վրայ նոր տուրքեր պարտադրել, նոյնիսկ եթէ անոնք աննշան տուրքեր ըլլան, այլ` կը նախընտրենք հսկայ տուրքեր պարտադրել հարուստ դասակարգին վրայ», եզրափակեց Պասիլ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ երէկ առաւօտեան բացայայտ կոչ ուղղած էր իր հետեւորդներուն մասնակցելու բողոքի ցոյցերուն եւ հրաժարելու կոչ ուղղած էր վարչապետ Հարիրիին, երեկոյեան ըսաւ. «Ներկայ տագնապին աւարտը կարելի է երաշխաւորել միայն կառավարութեան հրաժարականով»:
Ժահժահ ընդգծեց նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ այդ կազմը ներկայ քաղաքական կազմէն շատ աւելի տարբեր պէտք է ըլլայ:
Ժահժահ նշեց, որ իրենք կառավարութենէն հրաժարած կը նկատուին, որովհետեւ համոզուած են, որ այս կառավարութիւնը ոչինչ պիտի կարենայ իրագործել: «Սակայն որոշ ժամանակ ետք է միայն, որ պաշտօնապէս պիտի յայտարարենք մեր հրաժարականը», ըսաւ ան:
Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական մթնոլորտը ամէնէն աւելի խանգարուած է Պասիլի կողմէ, եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը պատասխանատու նկատեց երկրին պարզած իրավիճակին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, պատասխանելով Պասիլի կատարած յայտարարութիւններուն, շեշտեց, որ ինք նախագահ Աունը եւ Պասիլը պատասխանատու կը նկատէ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու առումով:
Երեկոյեան Ժոմպլաթ պատասխանեց նաեւ վարչապետ Հարիրիի յղած ուղերձին` նշելով, որ անիկա ուղղուած է Հըզպալլային եւ հարց կու տայ, որ արդեօք նախագահական հաշտութիւնը ի զօրո՞ւ է:
Իր խօսքը ուղղելով վարչապետին` Ժոմպլաթ ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք տնտեսական 7 մայիս մը: 72 ժամը անբաւարար է. հետեւաբար դուն շարունակէ իշխանութիւնը եւ ես դուրս կու գամ կառավարութենէն` նախընտրելով հանդարտ եւ առարկայական ընդդիմութեան վերածուիլ, որովհետեւ այս իշխանութիւնը մերը չէ»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կարգին կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն փողոց իջնելու, ցոյցերուն մասնակցելու եւ պահանջելու կառավարութեան հրաժարականը:
Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց ցուցարարներուն հանդէպ իր զօրակցութիւնը եւ կոչ ուղղեց անոնց պահպանելու ցոյցերուն խաղաղութիւնը:
Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան բազմիցս կոչ ուղղեց ցուցարարներուն վերջ տալու խափանարարական արարքներուն, վնաս չհասցնելու պետական եւ սեփական կալուածներուն, ինչպէս նաեւ առիթ տալու, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կարենան իրենց առաքելութիւնը ամբողջացնել:
Նշենք, որ քաղաքացիները փակեցին նաեւ Միրնա Շալուհիի, Տորայի, Նահր Մոթի, Ժալ Էլ Տիպի, Զուք Մքայէլի, Ամշիթի, Անֆէի, Ժիպէյլի, Խալտէի, Սայտայի եւ Ուզայիի մայրուղիները:
Շուֆի, Զահլէի, Պաալպեքի, Ալէյի, Սաուֆարի, Տահր Պայտարի, Աշքութի, Քուրայի եւ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ եւս բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան:
Ցուցարարները երէկ առաւօտեան Պընթ Ժպէյլի մէջ յարձակեցան երեսփոխան Ալի Պեզզիի գրասենեակին վրայ եւ անոր անունը կրող ցուցանակը քանդեցին:
Երեկոյեան ցուցարարները հրկիզեցին Սուրի հանգստարանը:
Ամէնէն վատը սակայն դէպի Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող եւ օդակայանէն մայրաքաղաք առաջնորդող բոլոր ճամբաները փակ պահելն էր:
Լիբանանեան բանակը իր փոխադրակառքերով փոխադրեց ճամբորդները դէպի օդակայան եւ Պէյրութ ժամանողները դէպի մայրաքաղաք:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ ներկայ իշխանութիւնները լիբանանցիներուն բոլոր յոյսերը ի դերեւ հանեցին: Ան հրաժարելու կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Երեկոյեան Դրամատուներու միութիւնը հաստատեց, որ դրամատուները այսօր` շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2019-ին, իրենց դռները փակ պիտի պահեն, իսկ կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի որոշումով պետական եւ սեփական դպրոցներն ու համալսարանները այսօր եւս փակ պիտի մնան: