«Օրը նոր, տագնապը նոր» արտայայտութիւնը թերեւս առաւելագոյն ձեւով կը պարզէ Լիբանանի այժմու իրավիճակը: Փաստօրէն հազիւ հրատապ հարցի մը լուծման գծով ճիգերը կ՛արդիւնաւորուին, նոր տագնապ մը կը ծագի` իր վրայ կեդրոնացնելով հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը: Նորայայտ այդ տագնապներէն է դիւանագիտական բանավէճը, որ սաստկացման պարագային կը սպառնայ խնդրոյ առարկայ նախարարի պաշտօնանկութեան:
Այսուհանդերձ, երկրին վարիչները կը փորձեն «օգնութեան փութալ» հոն, ուր կարելի է: Այս իմաստով հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն երէկ առաւօտ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննեց օրուան հրատապ հարցերը, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացման, մարոնիներու Ռայի պատրիարքի նախաձեռնութեան արդիւնքներուն, դատական առկախ հարցերու վճռումի կարեւորութեան եւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի կատարած «խնդրայարոյց» յայտարարութեան: Այս բոլորին զուգահեռ, մէկէ աւելի մեկնաբաններու կարծիքով, ապահովական վիճակի վատթարացումը անհաւանական չէ եւ կրնայ ստանալ սաստիկ բնոյթ, եթէ բարերար միջնորդութիւններ չկատարուին:
Այս ծիրին մէջ հայեացքները ուղղուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ, ուր այսօր խորհրդարանը իր գումարելիք լիագումար նիստի ընթացքին պիտի վճռէ ի միջի այլոց, օրակարգի 35 կէտերու կողքին` ընտրական օրէնքի «ճակատագիրը»:
Կառավարութեան գծով ուշագրաւ էր մարոնիներու Ռայի պատրիարքի նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի մօտերս ի մի համախմբել երկրին քրիստոնեայ ղեկավարները` գէթ ազգային հասարակաց հարցերու գծով միացեալ ճակատ մը ստեղծելու առաջադրանքով: Խնդրոյ առարկայ ղեկավարներն են` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ: Այս գծով արդէն իսկ քուլիսային խորհրդակցութիւնները սկսած են լուսարձակէ հեռու:
Դարձեալ կառավարութեան գծով եւ ըստ Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներուն, աշխատանք կը տարուի կառավարութեան նիստերու վերաշխուժացման գծով: Այս հաւանականութիւնը կը շեշտուի յատկապէս այն քայլով, որ Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ քուլիսային շփումներով թախանձագին «թելադրած» են պատկան կողմերուն` վերսկսիլ կառավարութեան գործունէութեան` նկատի ունենալով, որ հրատապ հարցերու գծով ծագող ամէնօրեայ քաղաքական բանավէճերը կրնան դուռ բանալ նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան անտեսման ու մոռացման:
Դատական հարցերու վճռումին գծով եւ ինչպէս կը նախատեսուէր` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ առաւօտ մերժեց ներկայանալ Զինուորական ատեան` իր վկայութիւնը փոխանցելու համար Թայյունէի դէպքերուն գծով: Ըստ Լիբանանեան ուժերու մօտիկ աղբիւրներուն` Ժահժահ խուսափած է Զինուորական ատեան ներկայանալէ` այն մտավախութեամբ, որ իր դէմ դատական հարց մը կը սարքուի: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ դատաւոր Ֆատի Աքիքի հարցը փոխանցած է դատախազ Ֆատի Սաուանի, որ պիտի վճռէ` Ժահժահը կրկի՞ն կանչել հարցաքննութեան (իբրեւ վկայ), թէ՞ լրիւ մոռնալ կամ անտեսել այս թղթածրարը:
Այս գծով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաները բողոքի ելոյթով առարկեցին դատական այս քայլերուն դէմ` մերժելով նաւահանգիստի հարցը Թայյունէի թղթածրարին հետ փոխանակելու հաւանականութիւնը: Այս խմբակի անդամ Ուիլիամ Նուն սուր քննադատութիւն ուղղեց դատական պատկան մարմիններուն եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին` վերահաստատելով, որ «իրենք պիտի շարունակեն իրենց հարազատներու արեան հարցի հետապնդումը»:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ եւս մերժեցին նման փոխանակում` «տակաւին արիւն կայ գետինը» ըսելով, ակնարկելով Թայյունէի զոհերուն:
Նաեւ` Դիւանագիտական Տագնապ
Երէկ լիբանանեան եւ արտաքին հանրային կարծիքին կիզակէտը դարձաւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի ամիսներ առաջ կատարած մէկ հարցազրոյցը, որ նոր սփռուեցաւ` մեծ աղմուկ բարձրացնելով քաղաքական թէ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ: Նախարար Քըրտահի արտայայտուած էր ի նպաստ Եմէնի մէջ կռոուղ հուսիներուն` դատապարտելով «սէուտական իշխանութեանց կեցուածքը»: Հակազդեցութիւնները չուշացան, եւ Սէուտական Արաբիա պահանջեց, որ նախարար Քըրտահի յետս կոչէ իր յայտարարութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ: Նմանապէս, սէուտական «Էմ.Պի.Սի.» արբանեակային կայանը փակեց Լիբանանի իր գրասենեակները: Սէուտցի իշխան մը պահանջեց նախարար Քըրտահիի պաշտօնանկութիւնը: Նմանապէս Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Քըրտահիի յայտարարութիւնները: Նախարար Քըրտահի մերժեց ներողութիւն խնդրել` վերահաստատելով իր նախկին կեցուածքը եւ զայն հիմնաւորելով, որ ինք նախարարի պաշտօնը չէր ստանձնած տակաւին յիշեալ հարցազրոյցի կայացման ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր օգոստոս 2021-ին: Նմանապէս, Քուէթ, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ բողոքի նամակ-յուշագիր յանձնեցին իրենց մօտ Լիբանանի դեսպաններուն եւ դեսպաններու գործակատարներուն: Կը նախատեսուի, որ այս հարցը առաւել սուր բնոյթ ստանայ (լուծման բարերար միջնորդութեան բացակայութեան պարագային)` տեղի տալով դիւանագիտական տագնապի Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ: