Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

 Լիբանան կը սպասէ Հոքշթայնի ժամանումին, Իսրայէլ կը հաստատէ դիւանագիտական միջոցներով հարցը լուծելու ընտրանքը

June 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Reports: Hochstein Asks Lebanese Leaders to Discuss Demarcation with Shea

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երէկ առաւօտեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Միքաթիի հետ քննարկած է հարաւային Լիբանանի ջուրերուն մէջ արձանագրուած զարգացումները` «Էներճիյըն փաուըր» նաւուն վիճելի շրջան մուտք գործելուն առումով, եւ անհրաժեշտ նկատած դիմել քայլերու` դէմ դնելու համար հարաւային Լիբանանի ծովային շրջանին կայունութիւնը խանգարելու իսրայէլեան փորձերուն:

Նախագահ Աուն եւ Միքաթի համաձայն գտնուեցան ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնը Պէյրութ հրաւիրելու` սահմանագծումի բանակցութիւնները շարունակելու ու անմիջապէս իրենց աւարտին հասցնելու նպատակով:

Նախագահ Աուն եւ Միքաթի բանակցութիւններուն անմիջապէս վերսկսելու եւ մօտիկ ապագային վերջնական որոշումներ տալու վճռակամութիւնը անհրաժեշտ նկատեցին` արգիլելու համար շրջանին կայունութիւնը խախտող որեւէ փորձ:

Իշխանութեան երկու պետերը համաձայնեցան նաեւ մեծ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ կապ հաստատել եւ անոնց բացատրել Լիբանանի կեցուածքը, յատկապէս բնական իր հարստութիւններուն կառչած մնալու իմաստով:

«Լիբանանեան կեցուածքին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ծովային վիճելի շրջաններուն մէջ Իսրայէլի կողմէ կատարուելիք որեւէ պեղում կամ նաւթի ու կազի արտահանում Լիբանանի համար ընդվզում է եւ համազօր կը նկատուի Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարքի, որ կրնայ միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան սպառնալ: Նման քայլեր կը խոչընդոտեն նաեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու հոլովոյթը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ այս հաղորդագրութեան հրապարակումէն ետք, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հոքշթայնի հետ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած Լիբանան այցելութեան մօտալուտ թուական մը ճշդելու:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ կազահորերու շուրջ Լիբանանի հետ տարակարծութիւնը պիտի լուծուի դիւանագիտական միջոցներով` ամերիկացի բանագնացին միջոցով:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ կարելի չէ անտեսել այն քայլերը, որոնք թշնամի Իսրայէլին կողմէ կ՛առնուին:

Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի

բանագնաց Ամոս Հոքշթայն պէտք է ժամանէ Պէյրութ, եւ անոր պէտք է ըսուի, որ Լիբանան ձեռնածալ պիտի չմնայ իսրայէլեան կողմին արձանագրած այս մագլցումներուն դիմաց:

«Նկատի ունենալով, որ Հոքշթայնն է բանակցութիւններուն պատասխանատուն, ան պէտք է ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնց հիման վրայ Իսրայէլ այդ մագլցումներուն վերջ տայ», ըսաւ ան:

Պըրրի յայտնեց, որ եթէ Հոքշթայն չընդառաջէ Լիբանանի կոչին, եւ կարելի չըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ, ապա Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է գումարէ նիստ մը, որոշէ փոփոխութեան ենթարկել թիւ 6433 հրամանագիրը եւ զայն ուղարկէ ՄԱԿ-ին:

Պէտք է աւելցնել, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ ըսաւ, որ յունական նաւուն ժամանումը` Քարիշի կազահորին մօտ, Լիբանանի համար մարտահրաւէր է, որովհետեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումը չէ իրականացած, եւ տակաւին կան վիճելի շրջաններ:

«Այս քաոսին պատճառը ամերիկացի բանագնացին Պէյրութ չայցելելն է: Հետեւաբար, եթէ ամերիկացիները կը փափաքին միջնորդել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ ընթացող սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն, ապա ամերիկացի միջնորդը պէտք է հոս ըլլայ եւ այցելութիւններ կատարէ` սահմաններու ճշդումին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով», շեշտեց ան:

Պու Հապիպ նշեց, որ տակաւին Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումին մասին յստակ թուական չկայ:

Թշնամի Իսրայէլի արարքները կասեցնելու իմաստով Լիբանանի կողմէ առնուելիք քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ ըսաւ, որ իրենք չեն փափաքիր պատերազմ բռնկեցնել, իսկ նաւուն գոյութիւնը չի նշանակեր, թէ Իսրայէլ պեղում կատարելու իրաւունք ունի: «Շրջանին եւ Լիբանանի մէջ կայ քաոսային վիճակ մը, թէ մերժելի է, իսկ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին պէտք է իմանանք, որ ամերիկացիները ի՞նչ պիտի կատարեն», հաստատեց ան:

Պու Հապիպ նախանցեալ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան լուրջ է հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը կատարելու առումով` աւելցնելով, որ Լիբանան պատրաստած է ամերիկեան առաջարկին պատասխանը, սակայն Հոքշթայն տակաւին Լիբանան չէ ժամանած զայն ստանձնելու համար:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին քննարկած է հարաւային Լիբանանի սահմանագծումին հարցը` նկատել տալով, որ եթէ այդ իմաստով լրջութիւն ըլլար, ապա Հոքշթայն միայն երկու անգամ Լիբանան չէր այցելեր: «Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին առումով ամերիկեան անլրջութիւնը շօշափելի է», հաստատեց Պու Հապիպ:

Ան ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուղղակի պատասխանատուութիւն չունի սահմանագծումին առումով, «սակայն ինչ որ կրնայ հաստատել այն է, թէ իշխանութեան երեք պետերը համախոհ են տրուելիք պատասխանին շուրջ: Իսկ եթէ «Էներճիյըն փաուըր» նաւը մուտք գործած է թիւ 29 սահմանագիծի հիւսիսային կողմը, ապա ան կը գտնուի վիճելի շրջանին մէջ», ըսաւ Պու Հապիպ:

Միւս կողմէ, 4 օր ետք` 10 յունիսին կ՛աւարտի սահմանագծումին առումով Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Իսրայէլի համար ճշդուած ժամկէտը:

10 մայիս 2022-ին, երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ Պըրրի Մսայլեհի մէջ արտասանեց խօսք մը, որմէ կէս ժամ ետք սէյիտ Նասրալլա կատարեալ համաձայնութիւն յայտնեց անոր:

Պըրրիի խօսքը կը վերաբերէր ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով պաշտօնական բանակցութիւններուն վերադառնալու Լիբանանի պատրաստակամութեան: Ան աւելցուցած էր, որ եթէ բանակցութիւնները չյաջողին, ապա Լիբանան մէկ ամիս ետք նաւթահորերու եւ կազահորերու պեղման աշխատանքին պիտի սկսի:

Այս կեցուածքը արժանացած էր սէյիտ Նասրալլայի դրուատիքին, յատկապէս` պեղումը սկսելու իմաստով: «Սահմանագծումի բանակցութիւններու վերսկսումին մէկ ամսուան ժամանակ յատկացնենք, իսկ եթէ անոնք ապարդիւն մնացին, ապա սկսինք պեղել եւ Իսրայէլ ի՛նչ որ փափաքի թող կատարէ», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:

Այս շրջագիծին մէջ, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանան կարողութիւն ունի իր ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթի եւ կազի բնական հարստութիւնը արտահանելու, սակայն այդ գործողութեան արգելք հանդիսացող հիմնական պատճառը Միացեալ Նահանգներն են:

Սէյիտ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր սահմանները յստակօրէն յայտարարէ, ինչպէս նաեւ ճշդէ սահմանային վիճելի շրջանները, որպէսզի լիբանանցիները իբրեւ ժողովուրդ, բանակ եւ Դիմադրութիւն համախմբուին եւ ծովուն խորերը գտնուող իրենց իրաւունքները ստանան, անկախ ամերիկեան կամքէն:

Սէյիտ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ լիբանանցիներուն միասնականութեամբ կ՛երաշխաւորուի երկրին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն լուծումը:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը յօդուածով մը անդրադարձաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ Իսրայէլի հասցէին կատարուած դատապարտումներուն, որոնց հիման վրայ անոնք յունական «Էներճիյըն փաուըր» նաւուն մուտքը նկատած էին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն:

Նոյն յօդուածին մէջ նշուեցաւ, որ «Էներճիյըն փաուըր» նաւը Քարիշի նաւթահորին մէջ պեղումներ կատարելու իրաւունք ստացած է 2016-էն ի վեր` աւելցնելով, որ կազահորերու պեղման աշխատանքը պիտի սկսի, եւ կազի հարթակին դէմ հասնելիք որեւէ վնաս համազօր պիտի նկատուի պատերազմի յայտարարութեան:

Պէտք է աւելցնել, որ բարեկարգչական երեսփոխաններուն անունով երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ երէկ կէսօրէ ետք խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան միացեալ կարծիք ձեւաւորել Լիբանանի բնական հարստութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ երկրին գործադիր իշխանութենէն պահանջեց թիւ 6433 հրամանագիրը անմիջապէս բարեփոխումի ենթարկել եւ զայն յղել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան` անոր կցելով նաեւ Իսրայէլի դէմ բողոքի նամակ մը:

Խալաֆ կոչ ուղղեց լիբանանցի ժողովուրդին շաբաթ, 11 յունիսին Նաքուրայի մէջ հաւաք մը կատարելու` պահանջելու համար թիւ 6433 հրամանագիրին բարեփոխումը:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանին այսօր տեղի պիտի ունենայ մնայուն յանձնախումբերուն ընտրութիւնը, որմէ ետք կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահը երեսփոխանները հրաւիրէ պարտադիր խորհրդակցութիւններու:

Այս ծիրին մէջ, Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց կառավարութիւնը կազմելու առումով իր նախապայմանները` նկատի ունենալով, որ ան կը մնայ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուն:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք պատասխանատուութենէն չի խուսափիր` աւելցնելով, որ իր նախապայմանները ազգային են եւ ոչ անձնական, որովհետեւ անոնք կը միտին փրկել հայրենիքը:

«Այդ նախապայմաններէն են բարեկարգումներու եւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան մարզը ամբողջութեամբ վերանորոգելու աշխատանքը իր հունին մէջ զետեղելը, այլապէս` վարչապետի պաշտօնին համար թող առիթ տրուի այլ թեկնածուներու», շեշտեց ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ վարչապետի պաշտօն ստանձնել այն երկրին համար, որուն տագնապին լուծման համար քաղաքական ուժերը պատրաստ չեն գործակցելու:

Previous Post

Ռիատ Սալամէ. «կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարը 11.8 միլիառ տոլար Է»

Next Post

The Best Foods To Eat If You’re Hungry At Night

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.