Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան յանգելու առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանցիներուն ուղղուած պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանան համաձայնութիւն յայտնած է ծովային սահմանագծումին մասին ամերիկացի բանագնացէն ստացուած համաձայնութեան վերջին տարբերակին:
Ան շեշտեց, որ այս անուղղակի համաձայնութիւնը կ՛ընդառաջէ լիբանանեան պահանջներուն եւ կը պահպանէ երկրին բոլոր իրաւունքները:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանին զօրակցեցան` իրականացնելու համար այս նուաճումը, որ կարելի պիտի չըլլար յաջողութեան հասցնել` առանց Լիբանանի միացեալ կեցուածքին, բոլոր ճնշումներուն դիմադրելու եւ տոկալու անոր ուժին, էական զիջումներ չկատարելու անոր կամքին, ինչպէս նաեւ հեռու մնալով այս կամ այն ձեւի յարաբերութիւններու բնականոնացման մերժելի քայլերէն:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ 2010-էն ի վեր ծովային սահմանագծումի առանցքին թեւակոխած փուլերուն, եւ անոնց ընթացքին ծառացած խոչընդոտներուն, տեղական եւ արտաքին դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատճառներով զետեղուած արգելքներուն: «Այս բոլորին զուգահեռ, Լիբանան պէտք էր աշխուժացնէր ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները եւ սրբագրէր Կիպրոսի հետ սահմանագծումին ընթացքին արձանագրուած սխալները», յայտնեց ան:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի իրաւունքն է նախանցեալ օր կատարուածը նկատել պատմական նուաճում, որովհետեւ ան կրցաւ 860 քառ. քմ վերստանալ` նկատի ունենալով, որ այդ տարածութիւնը կը գտնուէր վիճելի շրջանի մը մէջ:
«Լիբանան Իսրայէլին ոչ մէկ քիլոմեթր զիջած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան ամբողջութեամբ ստացած է նաեւ Կանայի նաւթահորը` առանց հատուցում վճարելու պարտաւորութեան տակ գտնուելու, հակառակ անոր որ Կանայի նաւթահորը ամբողջութեամբ լիբանանեան ջուրերուն մէջ չէ որ կը գտնուի:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի ցամաքային սահմաններուն ոչ ոք դպչած է, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում չէ կատարուած, ինչպէս նաեւ անոր հետ ուղղակի խորհրդակցութիւններ եւ համաձայնութիւններ չեն արձանագրուած:
Նախագահ Աուն բացայայտեց, որ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ ապագային տարակարծութիւնները լուծելու կարելիութիւնները, յատկապէս եթէ պատահի, որ նաւթի այլ հոր մը բացայայտուի երկու երկիրներուն պատկանող միացեալ շրջանի մը մէջ:
Համաձայնութեան այս կէտը յաւելեալ ապահովութիւն եւ կայունութիւն կը հաստատէ ծովային սահմաններուն մէջ:
«Այս ճիգերուն եւ պայքարի յարատեւութեան շնորհիւ, այսօր մեր եւ նորահաս սերունդներուն իրաւունքը պաշտպանուած է, եւ կը մաղթենք, որ անոնք ապրին մեզմէ շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ: Կը մաղթենք նաեւ, որ հիմնուի ազգային գերիշխանական ֆոնտ մը` պահպանելու համար բնական այս հարստութեան ապահովելիք շահերը, ինչպէս նշուած է այս ֆոնտին վերաբերող օրինագիծին մէջ», շեշտեց ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հետ խորհրդակցութիւններ սկսելու քայլ` լուծելու համար տարակարծութիւնը անոր հետ միացեալ շրջանին վերաբերեալ, որ վիճելի է, եւ որուն տարածութիւնը աւելի քան 900 քառ. քմ է: «Այդ խորհրդակցութիւնները պէտք է կատարուին եղբայրական ոգիով: Պէտք է նաեւ վերատեսութեան ենթարկել Կիպրոսի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումը եւ որոշել, թէ ի՛նչ պէտք է կատարուի ապագային», ընդգծեց ան:
Նախագահ Աուն իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն հաստատեց, որ անոնց տոկալու, պայքարելու, իրաւունքին կառչած մնալու եւ դիմադրելու կամքը կրցած է բանակցութիւններուն ընթացքին ամրապնդել լիբանանեան կեցուածքը:
«Այս իրագործումը իրականացուցիք դուք, ձեզի համար, նոր սերունդին համար: Այս բոլորը կատարեցիք հայրենիքին փրկութեան, յառաջդիմութեան, զարգացումին, բարգաւաճման ու անոր զաւակներուն բարօրութեան համար», եզրափակեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ քննարկած ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի յղած համաձայնութեան վերջնական տարբերակին մանրամասնութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունած էր նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկած էր ապահովական իրադարձութիւններն ու սահմանագծումին մասին Լիբանանի վերջնական կեցուածքը:
Քննարկուած էին նաեւ բանակին կարիքներն ու զինուորական խորհուրդին մէջ կատարուելիք նշանակումները:
Իր կարգին, Պըրրի խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութենէն պահանջեց ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան օրինակը տրամադրել երեսփոխաններուն, որպէսզի անոնք տեղեակ ըլլան այդ մասին` համաձայնութեան կառավարութեան կողմէ վաւերացումէն ետք:
Իսկ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան յայտնեց, որ նախագահ Աուն խորհրդակցած է Պըրրիի հետ եւ անոր փոխանցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամը:
Համտան շեշտեց, որ նախագահ Աունի արտասանելիք խօսքը պիտի ըլլայ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը եւ համաձայնութեան նշանը` ծովային սահմանագծումին առումով:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները բաւական բարդ էին եւ դժուար` աւելցնելով, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն պարկեշտ էր եւ արդար:
Պու Սաապ յայտնեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին լիբանանեան կողմը իսրայէլեան տեղեկատուական մագլցումներուն դիմաց տեղի չտուաւ` աւելցնելով, որ ինչ որ իրականացաւ նուաճում է, սակայն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում չի նշանակեր:
«Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ պահպանել ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը` կազ արտահանելու համար, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երաշխիքներ տրամադրած է, թէ Իսրայէլի հետ սահմանագծումի համաձայնութիւնը պիտի յարգուի», շեշտեց Պու Սաապ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն պարագային ալ այս համաձայնութիւնը յարգելու մեծագոյն երաշխիքը կը մնայ կայունութիւնը պահպանելու տնտեսական կարիքը:
Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ հաստատեց, որ Իսրայէլ Կանայի նաւթահորին ապահոված շահերուն 17 առ հարիւրը պիտի ստանայ, մինչդեռ Հըզպալլա ոչինչ պիտի ստանայ արտահանուելիք կազէն:
Լափիտ նշեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը մեծ նուաճում է Իսրայէլի տնտեսութեան եւ ապահովութեան համար` աւելցնելով, որ Իսրայէլ մերժած է Լիբանանի կատարած վերջին դիտողութիւնները:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ծովային սահմանագծումը կը նուազեցնէ Հըզպալլայի հետ զինուորական բախումի հաւանականութիւնը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը կը նուազեցնէ Լիբանանի վրայ Իրանի ազդեցութիւնը` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պիտի չարտօնէ հիւսիսային իր սահմաններուն կից իրանեան զինուորական կուտակումը: