Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Լիբանան մուտք գործեց նախագահական դատարկութեան փուլ

November 1, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Presidential vote: Latest developments ahead of Oct.13 session

Lebanese lawmakers gather to elect a president at the parliament building in downtown Beirut, Lebanon, Thursday, Sept. 29, 2022. Lebanon's Parliament on Thursday failed to elect a new president with the majority of lawmakers casting blank ballots. (AP Photo/Bilal Hussein)

Երէկ կէս գիշերէն լ Լիբանան պաշտօնապէս թեւակոխեց նախագահական դատարկութեան փուլ, որովհետեւ աւարտեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի  վեցամեայ նստաշրջանը :

Տակաւին քանի մը օր առաջ պատմական նուաճում մը իրագործուած ըլլալու նշոյլները չըմբոշխնած, լիբանանցին արդէն իսկ մուտք գործեց քաղաքական նոր տագնապ մը, որուն շրջագիծին մէջ կան հարցականներ,  նախագահական դատարկութի՞ւն է ստեղծուածը, թէ՞ սահմանադրական:

Այս հարցականները կը վերաբերին երկրին կառավարութեան օրինական չըլլալուն եւ նախագահ Աունի կողմէ անոր հրաժարականը ընդունած ըլլալու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող լուրերուն ու մեկնաբանութիւններուն:

Սպասելով հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2022-ի խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին խորհրդարանին մէջ պիտի ընթերցուի նախագահ Աունի նամակը, երկիրը կը մնայ անորոշ եւ քաղաքական դատարկ իրավիճակի մէջ:

Նշենք, որ նամակը կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները կառավարութեան փոխանցելու  նախագահ Աունի մերժումին:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան առումով համախոհութիւն գոյացնելու կամ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւն կատարելու որոշ միտում մը կայ, իսկ կառավարութիւնը մետասաներորդ պահուն կազմելու մասին յոյսերն ու նշոյլները ի դերեւ ելան այն պահուն, երբ նախագահ Աուն յայտարարեց, թէ ինք կառավարութեան հրաժարականը ստորագրած է:

Մինչ երկիրը կրնայ ուղղուիլ դէպի քաղաքական յաւելեալ լուրջ քաոս մը, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիուապոն:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնը Լիբանանը ընտրելը ինքնին վստահութեան նշան է եւ հաստատում մը Լիբանանի ունեցած մշակութային եւ քաղաքակրթական դերակատարութեան` շրջանին եւ աշխարհին մէջ:

Previous Post

Ukraine hit by water, power cuts after Russian missile strikes

Next Post

Number of female district governors reaches 68

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.