Լիբանան դէպի 2022 մուտք գործեց քաղաքական նոյնքան լարուածութեամբ, քաղաքական սուր կեցուածքներով, լիբանանեան դրամանիշի յաւելեալ արժեզրկումով` ամերիկեան տոլարի սակը բարձրացաւ 29.000 լ. ոսկիի, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» համաճարակի տարածումով:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի մէջ ապրող այլ քաղաքացիներուն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուելու` վարակուածներուն արձանագրած թիւի բարձրացումին լոյսին տակ:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքացիներն ու բնակիչները ընդառաջեն առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպելիք պատուաստումի արշաւներուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն սերտեց ապահովական կառոյցներուն կողմէ իրեն ներկայացուած տեղեկագիրները` Նոր տարուան գիշերուան ընթացքին ապահովութեան եւ զինուորական ուժերուն որդեգրած միջոցառումներուն մասին:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ապահովական ուժերուն, բանակայիններուն, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն, հրշէջներուն եւ Կարմիր խաչին ճիգերը` պահպանելու համար երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութեան յանձնարարեց հետապնդել կրակողները եւ անոնց դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել` կանխարգիլելու համար այս վատ սովորութիւնը, որ միշտ մարդկային եւ նիւթական վնասներ կը պատճառէ:
Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտարարեց, որ Կաղանդի գիշերը ապահովութեան ուժերը 176 պատժամիջոց որդեգրած են անհատներու եւ հաստատութիւններու դէմ, ինչպէս նաեւ փակած են 13 հաստատութիւն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ապահովութեան ուժերուն` երկրին կայունութիւնը պահպանելու նպատակով ի գործ դրած իրենց ճիգերուն համար:
Նոյն գիշերը Մաուլաուի շրջեցաւ տարբեր կեդրոններ, որոնց շարքին` Կարմիր խաչի Հազմիէի կեդրոնը, ուր շնորհաւորեց կամաւորները` բարձր գնահատելով անոնց աշխատանքն ու նուիրումը:
Մաուլաուի այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կեդրոնները:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանանի առողջապահական մարզին մէջ գործող պաշտօնեաներուն համար կարելի չէ աշխատավարձի յաւելում ճշդել, որովհետեւ կառավարութիւնը իր ժողովները չի գումարեր:
«Լիբանանի մէջ մենք մեր հարցերը չենք կրնար լուծել, եւ այդ պատճառով ալ այդ տարակարծութիւնները միշտ կը խանգարեն տիրող իրավիճակը», ըսաւ ան:
Ապիատ նկատել տուաւ, որ առողջապահական առումով երկիրը ողբերգական վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է անսան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` կառավարութեան նիստ մը գումարելու կոչին:
Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը, շատ արագ թափով կ՛ընթանայ: Ան դիտել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին պատճառով երկրին ամբողջական փակումը պէտք է ըլլայ վերջին ընտրանքը:
Իր կարգին, առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ Լիբանան այս վիճակով չի կրնար «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումի նոր ալիք մը դիմագրաւել, որովհետեւ առողջապահական մարզը գրեթէ փուլ եկած է, իսկ հիւանդանոցները 85 առ հարիւրով լեցուն են:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կիրակի օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան սկսած «յեղափոխութեան» սուտասանութիւնը կը կայանայ անոնց հնչեցուցած «Բոլորը այսինքն` բոլորը» կարգախօսին մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ կարգախօսը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ զիրենք բացառեր բոլորէն, որովհետեւ միայն իրենք են, որ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին գործարքներու դէմ պայքարեցան:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ փոփոխութիւն պէտք է արձանագրուի` աւելցնելով, որ այդ փոփոխութիւնները հիմնականին մէջ պէտք է ըլլան քաղաքական եւ տնտեսական ու ելեւմտական դրութիւններու փոփոխութիւն:
Պասիլ ընդգծեց, որ կառավարութեան նիստերը արգիլելը ռազմավարական քայլ չի կրնար ըլլալ, այլ` սահմանադրական ընթացքի եւ աշխատանքի անտեսում:
Ան կոչ ուղղեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւն հաստատելու` ընդգծելով, որ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել, «իսկ բաժանումը լուծում չէ, ու եթէ կայ օրէնք մը, որ պիտի վաւերացուի կամ որդեգրուի, ապա խորհրդարանին մէջ քուէարկութիւնը պէտք է կատարուի խորհրդարանի նախագահի ճաշակին», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ նոյեմբեր 2019-էն ի վեր Լիբանանէն աւելի քան 14 միլիառ տոլար դուրս փոխանցուած է` աւելցնելով, որ անկարելի է այս մասին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէէն տուեալներ իմանալ:
«Սալամէ պաշտպանուած է քաղաքական ներկայ վարչակազմին կողմէ, եւ անիկա ամէնէն աւելի կազմակերպուած կերպով աւազակութիւն կատարած է` լիբանանցիներու գումարներուն դէմ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին` Պասիլ յայտնեց, որ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Լիբանանի մէջ ծառայած է իբրեւ օտարին գործիքը, եւ անկէ կը պահանջուի սադրանքներ հրահրել:
«Ժահժահ ծառայած է իբրեւ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու գործիք: Օր մը ան ընտրած է Սուրիան, սակայն այս վերջինը մերժած է զինք: Իսկ այս փուլին անոր ուղղութիւնը յստակ է: Իրմէ կը պահանջուի Լիբանանի մէջ սադրանք նախապատրաստել, իսկ Թայյունէն անոր համար լաւ առիթ էր», ըսաւ Պասիլ:
Ան շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր Հըզպալլայի հետ իրենց ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը չեղեալ նկատել, այլ` զայն բարելաւել եւ ամրապնդել: «Չենք կրնար Դիմադրութեան համար հայրենիք կորսնցնել, սակայն միաժամանակ երկուքը կրնանք շահիլ», յայտնեց Պասիլ:
Սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը Պասիլ նկատեց անհրաժեշտութիւն` ընդգծելով, որ եթէ այս իմաստով իր Սուրիա այցելութիւնը օգտակար կը նկատուի, ապա ինք պատրաստ է կատարելու այդ այցելութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդատու, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ երէկ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ այլ ասուլիսի մը` պատասխանելու համար Պասիլի յայտարարութիւններուն:
«Կը մաղթէինք, որ Պասիլ իր ազգային պատասխանատուութեան գիտակցելով բաւարարուէր քաղաքացիական պետութեան շուրջ ազգային երկխօսութեան կոչով, սակայն ան անպատասխանատու կերպով սուտերու տեղի տուաւ եւ զրպարտութիւններ կատարեց», ըսաւ Խալիլ:
Ան հաստատեց, որ Ամալ շարժումը` հիմնուելով իմամ Մուսա Սատըրի ծրագիրին վրայ, կոչ կ՛ուղղէ քաղաքացիական պետութիւն մը կառուցելու:
«Ամալ շարժումի պատասխանատուները Լիբանանի եւ անոր միասնականութեան ու արժանապատուութեան պաշտպանութեան իշխաններ են, եւ չենք գիտեր, եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հիմնադիր, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արդեօք մաս կը կազմէ՞ այն պատերազմներու իշխաններուն, որոնց մասին խօսեցաւ Պասիլ: «Կամ արդեօք Աուն անոնց թագաւո՞րն է, յատկապէս 1988-ին իր մղած ազատագրութեան պատերազմով», աւելցուց Խալիլ:
Ան Պասիլը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամբաստանեց կառավարութեան մէջ քուէարկութիւնը արգելակելու յանցանքով:
«Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին Պըրրի հաստատած է, որ ինք կը մերժէ, որ համայնքային դրութեան ջնջումը համազօր ըլլայ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւն խախտելու, ընդհակառակն` ան պահանջեց պահպանել այդ հաւասարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ոգին պաշտպանել», ըսաւ Խալիլ:
Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին, որ իրաւական հաշուեքննութեան ընդմէջէն բացայայտուի Լիբանանի մէջ արձանագրուած փտածութիւնը 1989-էն ցայսօր:
Խալիլ ընդգծեց, որ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնող երկեակ մըն են, որոնք կը պաշտպանեն նաեւ Դիմադրութիւնը` Իսրայէլի դէմ:
«Մենք այս համաձայնութեան յանձնառու կը մնանք, եւ մեզ ոչինչ կը ցնցէ», ըսաւ ան:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը Իսրայէլին դիմադրելու լաւագոյն միջոցն է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը փափաքեցաւ 50 միլիոն տոլարի գործարքը սպրդեցնել, սակայն կառավարութեան կողմէ բացայայտուեցաւ` աւելցնելով, որ նոյն հոսանքին կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ խորհրդարանի դարակներուն մէջ կան իր կողմէ ներկայացուած մեծ թիւով օրինագիծեր, սուտասանութեան մաս կը կազմեն եւ զրպարտութիւններ են: