«Ակունք» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Ազրպէյճանը չնեղացնելու համար չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը. ռուսական «Ար.Թի.Վի.1» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման` ըստ թրքական «Ենի Չաղ» թերթի տեղեկատուութեան:
Աղբիւրին համաձայն, Լիպըրման, պատասխանելով հաղորդավարի այն հարցումին, թէ «որոշ միջազգային կառոյցներ Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ գործադրելու նպատակով Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այս հարցին մասին»` նախարարը աւելցուցած է. «Ատիկա, նախ եւ առաջ, պատմական եւ վիճայարոյց հարց է: Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրին վերաբերեալ Իսրայէլի դիրքորոշումը վճռակա՛ն է»:
Լիպըրման նաեւ յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու լաւ վիճակին հետ` նշելով. «Անշո՛ւշտ, Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները մեզի համար շատ աւելի կարեւոր են»: