«Այնթէպի Հայերը. Ցեղասպանութեան Տնտեսական Երեսը Օսմանեան Նահանգի Մը Մէջ» (The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province) վերնագիրով դոկտ. Ումիթ Քիւրթի գիրքը լոյս պիտի տեսնէ Harvard University Press հրատարակչութենէն եւ գրադարանները պիտի հասնի 13 Ապրիլին։
Այնթէպ ծնած եւ հասակ նետած դոկտ. Ումիթ Քիւրթ ուսումնասիրած է յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերու կալուածներու բռնագրաւման ծալքերը եւ մասնագիտացած է Հայոց Ցեղասպանութեան, զանգուածային բռնարարքներու, հարստութիւններու փոխանցումներու, տեղական վերնախաւերու, թուրք ազգայնականութեան եւ Այնթէպի հայութեան պատմութեան մարզերուն մէջ: Ան 2016ին դոկտորի կոչում ստացած է «Քլարք» համալսարանէն եւ հեղինակը եւ համահեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու ու հատորներու, ինչպէս նաեւ խմբագրած է մասնագիտական թերթեր:
Նշենք, որ Քիւրթ Թաներ Աքչամի հետ համահեղինակն է Ցեղասպանութեան ընթացքին հայութեան հարստահարման մասին՝ «Օրէնքներու Ոգին. Հայոց Ցեղասպանութեան Հետքերը՝ Լքեալ Գոյքերու Մասին Օրէնքներուն Մէջ»։
Հատորէն օրինակ մը կարելի է ապսպրել` այցելելով կայքէջը։