ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Լոյս տեսած է «Զօրեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ իրականացած հետազօտական աշխատանքներու հաւաքածոն՝ «Հաւաքական Եւ Պետական Բռնութիւնները Թուրքիոյ Մէջ․ Ազգային Ինքնութեան Կերտումը՝ Կայսրութենէն Մինչեւ Ազգային Պետութիւն» անգլերէն գիրքը:
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի պատմութեան բաժանմունքի Հայագիտութեան ծրագիրի վարիչ դոկտ. Ստեփան Աստուրեանի եւ Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն եւ ցեղասպանագէտ դոկտ․ Ռեմոն Գէորգեանի խմբագրած հատորին մէջ կան 16 գիտնականներու հեղինակած աշխատանքները:
Գիրքը նուիրուած է Օսմանեան կայսրութիւնէն մինչեւ մեր օրերը Թուրքիոյ որդեգրած զանգուածային բռնութիւններուն քաղաքականութեան եւ անոր կիրառման ուսումնասիրութեան: