Յունիս 2015-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 75-ամեակի եզրափակիչ հրատարակութիւնը, “Երթը Կը Շարունակուի” խորագրով:
64 գունազարդ եւ մեծադիր էջերէ բաղկացած հրատարակութիւնը կը բովանդակէ Մեսրոպեանի հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու եւ նոյն առիթով կայացած ձեռնարկներու մասին հրապարակուած 6 հաղորդագրութիւններ, տնօրէնութեան կողմէ հանդիսութիւններուն ընթացքին արտասանուած խօսքեր, նոյն առիթով ստացուած օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի 5 գիրեր, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի ընտանիքին մաս կազմող ուսուցիչներու եւ անձնակազմի 15 անդամներու վկայութիւնները՝ հարազատ դպրոցին մասին, հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն: Հրատարակութիւնը կը պարունակէ նաեւ արխիւային շարք մը լուսանկարներ:
Օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի գիրեր յղած են Ֆրանչիսկոս Ա. Քահանայապետը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս ՊատրԻարքը, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գեր. Հ. Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան, Հայաստանի Սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարներ Հրանուշ Յակոբեան եւ Արմէն Աշոտեան: Առանձին գրութիւն մը ունի 75-ամեակի պատուոյ յանձնախումբի նախագահ Վարուժ Ներկիզեան:
Հրատարակութեան խմբագիրն է Մեսրոպեան վարժարանի տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան: