ԵՐԵՒԱՆ․- Լոյս տեսաւ «Վէմ» մատենաշարի 2-րդ հատորը, որ Հայաստանի խումբ մը պատմագէտներու աշխատասիրութեան արդիւնքն է։ «Սեւրի Պայմանագիրն Ու ԱՄՆ-ի Նախագահ Վ. Վիլսոնի Իրաւարար Վճիռը․ Քննական Հայեացք 100-ամեայ Հեռաւորութիւնից» գիրքը բաղկացած է 6 գլուխներէ եւ ունի յառաջաբան մը ու վերջաբան մը:
252 էջնոց գործը սեղմ, ամբողջական եւ նոյն ժամանակ քննական ուսումնասիրութիւն է հայ ժողովուրդին համար ուղենշային նշանակութիւն ունեցող Սեւրի պայմանագիրին եւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին ձեւաւորման գործընթացին, քաղաքական ու իրաւական բովանդակութեան եւ վերջին 100 տարիներուն զայն կեանքի կոչելու համար ծաւալած բարդ ու դժուար պայքարին մասին:
Հատորին խմբագիրն է պատմագիտութեան դոկտոր Գէորգ Ս. Խուդինեան: Հեղինակային խումբին մէջ ընդգրկուած են պատմագիտութեան 6 դոկտորներ եւ 3 թեկնածուներ: