Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ Արամ եւ Տիրուհի Աւետեան զոյգին յուշերու անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «Defying Fate» խորագիրով, որպէս «The Genocide Library» (Ցեղասպանութեան գրադարան) մատենաշարի հինգերորդ հատորը։
Տիրուհի Չէօմլէքճեան (ապագային՝ Աւետեան) ծնած է 1907ի շուրջ, Իզմիթ։ 1915ին, ընտանիքին հետ տարագրուած է Տէր Զօր։ Շատտատէի կոտորածին իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցնելէ ետք, ան որդեգրուած է տեղացի արաբներու կողմէ։ Մեծցած է սուրիական անապատին մէջ, ուր տարիներ ետք հանդիպած է Արամ Աւետեանին՝ իր ապագայ ամուսնոյն։ 13 տարի անապատը մնալէ ետք, Տիրուհին փախած է Հալէպ։
Արամ Աւետեան ծնած է նոյնպէս 1907ի շուրջ, հայաբնակ Ձիթող գիւղը, Էրզրումի մօտ։ 1914ին, անոր հայրը սառնութենէն մահացած է թրքական բանակին մէջ ծառայելու ընթացքին։ Մեծ Եղեռնի սկիզբը, Արամն ու ընտանիքը քշուած են սուրիական անապատը։ Տարագրութեան ճամբուն՝ գրեթէ ամբողջ տարի մը ջարդի, թալանի, սովի ու հիւանդութեան սարսափներուն ականատես ըլլալէ ետք, անոնք հասած են Սուրիոյ Ռաքքա շրջանը, ուր Արամ առեւանգուած է արաբ ձիաւորի մը կողմէ։ Արամ եւս 13 տարի ապրած է անապատը, զանազան արաբ ընտանիքներու մօտ, եւ վերջապէս փախուստ տալով՝ անցած է Հալէպ։
Տասնամեակներ ետք, Արամ եւ Տիրուհի Աւետեանները հաստատուած են Լոս Անճելըս, ուր 70ական տարիներուն, գրի առած են Եղեռնի ու վերապրումի իրենց յուշերը՝ փափաքելով իրենց փորձառութիւնները վաւերագրել ապագայ սերունդներուն համար։ Աւետեանները մահացած են իրարմէ երեք ամիս տարբերութեամբ. Տիրուհին 1987ին, իսկ Արամ՝ 1988ին։
Աւելի ուշ, Աւետեաններու ձեռագիր յուշերը հաւաքուած ու խմբագրուած են իրենց դուստրին՝ Քնար Մանճիկեանին կողմէ, իսկ Իշխան Ճինպաշեանի թարգմանութեամբ՝ այս ամիս հրատարակուած «Defying Fate» հատորով։ Մանճիկեան նաեւ ծանօթագրած է գիրքը եւ գրած ներածականը։ «Որեւէ ատեն, երբ մայրս կը խօսէր Եղեռնին զոհ գացած ընտանեկան պարագաներուն մասին, կ՛ըսէր, թէ իր միակ տենչը զանոնք երազներուն մէջ տեսնելն էր», Կը գրէ Մանճիկեան ներածականին մէջ։
Մանճիկեան կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ արաբներու մօտ այնքան երկար ժամանակ ապրելու պատճառաւ հայերէն լեզուն գրեթէ բոլորովին մոռցած ըլլալէ ետք, իր ծնողները իրենց մայր լեզուն վերստին սորված են 20 տարեկանէն ետք։ Յաջողած են ընել այս մէկը՝ գլխաւորաբար հայ գրականութեան եւ Հալէպ հրատարակուած «Արեւելք» օրաթերթի խանդավառ ընթերցողներ դառնալով: Մանճիկեանի մօր հայերէնը ա՛լ աւելի բարելաւուած է՝ շնորհիւ պոլսաբնակ եղբօր հետ իր նամակագրութեան, ինչպէս նաեւ իր հանրային ծառայութեան՝ որպէս Հայ Օգնութեան Միութեան ցկեանս նուիրուած անդամ։
«Defying Fate»ի հրատարակչական նախաբանին մէջ Յակոբ Մանճիկեան կը գրէ. «Հակառակ Աւետեան զոյգի գրութիւններուն հակիրճ բնոյթին, եւ հակառակ անոր, որ այդ գրութիւններու բնագիրները հեղինակներուն կողմէ համեստօրէն «Նօթատետր» եւ «Յուշատետր» խորագրուած են, մենք կասկած չունէինք, որ անոնք արժանի են որպէս լիիրաւ գիրք հրատարակուելու՝ մեկնելով մեր այն սկզբունքէն, որ որակը պէտք է գերադասել քանակէն, վաւերագրական արժէքը՝ գիրքի երկարութենէն եւ գործի խորքը՝ անոր տեսքէն»։
«The Genocide Library» մատենաշարը, որպէս «H. and K. Manjikian Publications»ի ծրագիր տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններուն կողմէ հաստատուած է 2005ին, նպատակ ունենալով թարգմանաբար հրատարակել 1915ի Աղէտին վերաբերեալ վաւերագրական արժէքաւոր հատորներ։ Նախապէս հրատարակուած գիրքերն են՝ Արմէն Անուշի «Passage through Hell»ը (երկու տպագրութիւն), Միքայէլ Շամտանչեանի «Fatal Night»ը, Շահէն Տէրտէրեանի «Death March»ը, Սեպուհ Ակունիի «The Crime of the Ages»ը։ Մատենաշարին յաջորդ հատորը պիտի ըլլայ Մ. Սալբիի (Արամ Սահակեան) «Our Cross»ը, որ պիտի հրատարակուի այս տարի։