Ֆրանսական «Լը Փարիզիյէն» օրաթերթը կը գրէ, թէ Փարի Սէն Ժերմէն խումբին ղեկավարութիւնը որոշած է մինչեւ 2016 երկարաձգել գլխաւոր մարզիչ Լորան Պլանի հետ պայմանագրութիւնը: Պլանի աշխատավարձը պիտի դառնայ կէս միլիոն եուրօ, առանց՝ «պոնիւս»ներու: Նշենք, թէ Պլան, 2013-ի ամրան ստանձնեց Փարի Սէն Ժերմէնի պատասխանատուութիւնը: Ներկայիս, անոր խումբը կը գլխաւորէ Ֆրանսայի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը:
Միւենոյն օրաթերթը նաեւ կը գրէ,թէ ֆրանսական ակումբը, 2014-ի ամրան ընթացքին, կը պատրաստուի համաշխարհային մրցանիշ մը հաստատելու փոխանցումներու շուկային մէջ, փոխան 250 միլիոն եուրօ գումարի ձեռք բերելով Պարչելոնայի յարձակող Լիոնէլ Մեսին: