Փանոս Ճերանեան
Լուսադէմին տեսայ վանքը,
Ուր Աստուծոյ ոտնաձայնը
Կ’արձագանգէր տակաւին…
Անոր մօտէն ՝
Կածանն՝ զգոյշ խունկի նման՝
օղակ-օղակ կը բարձրանար
իրիկնաթոյր սարերն ի վեր։
Սարե՜րն ի վեր ,
հո’ն՝ ուր հայեացքը հայդուկի
հազար շանթեր էր արձակեր՝
Տեսայ տղեկ մը կարեվեր,
որուն աղու աչքերուն մէջ,
արեւն այնքան հուր չէր տեսեր,
խաչն՝ այնքան փուշ, խաչեալը՝ վէրք…