ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
«Լոյսն ի խաւարի անդ լուսաւորէ»
(Յհ. 1.5)
Կէս գիշերին կ’արթննայ:
Անկողինին սեղանիկին վրայ եղող լոյսը կ’ուզէ վառել:
Թըք-թըք, թըք-թըք: Ձայնը կայ, լոյսը չկայ:
Է՜հ, Լիբանան է: Կ’երեւի ելեկտրականութիւնը անջատած են:
Աչքերը կը շփէ: Ո՛չ: Պատուհանէն լոյս կը մտնէ:
Ուրեմն լոյս կայ:
Կրնայ ներքին խանգարում ըլլալ:
Չի կրնար քնանալ:
Պէտք է կարդայ:
Ննջարանին լոյսը կը վառէ:
Լոյս կայ:
Կը սկսի լուսամփոփը քրքրել:
Լուսամփոփին լոյսը կը ստուգէ:
Անպայման այրած է: Ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ:
Լուսամփոփը ետ սեղանիկին վրայ կը դնէ:
Ննջարանին լոյսը կը մարէ:
Նորէն անկողին կը մտնէ:
Բժիշկը արգիլած է իրեն ննջարանին լոյսին տակ գիրք կարդալ:
Երբ կարդալ ուզես` լոյս չ՛ըլլար:
Երբ լոյս ըլլայ` կարդալ չես ուզեր:
Երբ կանուխ կ’արթննաս` լուսամփոփիդ լոյսը կ’այրի:
Երբ լուսամփոփիդ լոյսը չէ այրած` կարդալը միտքդ չի գար:
Եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր-ինչե՜ր չեն ձգեր որ քնանայ…
Բայց լոյսը կը ճեղքէ խաւարը եւ լոյսը կը ծագի`
աշխարհի վրայ
մարդոց միտքերուն մէջ
հոգիներուն մէջ
սիրտերուն մէջ
Տունէն դուրս կ’ելլէ` լուսամփոփին համար նոր լամբ գնելու համար
շուկայ կ’երթայ:
եւ նոր օր կ’ըլլայ…
Անթիլիաս – Լիբանան