Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տարիներ առաջ առաջարկած է վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղը, այն պարագային, երբ Հայաստան համաձայնէր զինեալ տագնապի խաղաղ լուծման: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն ետք «Պելառիւս 1» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն այս մասին յայտնած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
«Ես, ի հարկէ, երբ նախագահ չըլլամ, շատ լաւ բաներ պիտի պատմեմ այն մասին, թէ այդ տագնապը (Արցախի) լուծելու համար Իլհամ Հէյտարովիչը ի՛նչ առաջարկած է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ղեկավարներուն: Այդ առաջարկներէն մէկը հետեւեալն էր. «Լսէ՛, դուն հայերուն հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ես, անոնց ըսէ՛, որ ես պատրաստ եմ վերականգնելու ո՛չ միայն Ղարաբաղը, այլ նաեւ բարձրացնելու Հայաստանը: Ես նոյնիսկ չեմ նշեր այն գումարին չափը, որ մէկ անգամէն պատրաստ եմ վճարելու: Ըսէ՛ անոնց, որ խաղաղ ճամբով լուծեն այդ հարցը», ըսած է Լուքաշենքօ Ալիեւի հետ իր զրոյցի մասին:
Լուքաշենքօ չէ յստակացուցած, թէ ճիշդ ե՛րբ կայացած է Ալիեւի հետ այդ զրոյցը, սակայն նշած է, թէ զրոյցը տեղի ունեցած է նախքան Նիկոլ Փաշինեանի` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելը:
«Բայց Հայաստանի նախկին ղեկավարութիւնը, նախքան Փաշինեանը, մերժած է այդ առաջարկը», յայտարարած է ան:
Պիելոռուսիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ առաջին անգամ հրապարակաւ կը պատմէ այդ խօսակցութեան մասին: