ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրողներու իրաւանց պաշտպան «Լրագրողներ՝ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը 13 Ապրիլին կոչ ըրաւ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, որ վերջ տան օտար լրագրողներու Արցախ այցելութիւնները արգիլելու կեցուածքին, նոյն ժամանակ կոչ ընելով ՄԱԿին եւ Եւրոպական խորհուրդին, որ այս նպատակով ճնշում բանեցնեն Մոսկուայի վրայ։
Կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն՝ ռուս խաղաղապահները առնուազն 10 օտար լրագրողներու արտօնութիւն չեն տուած, որ Հայաստանէն Արցախ անցնին, իրենց հսկողութեան տակ գտնուող Լաչինի միջանցքով։