«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը, Ազրպէյճանը լրագրողներու համար ամէնէն մահացու երկիրներու` 2021 թուականի ցուցակին վրայ զետեղեց, իր տարեկան զեկոյցին մէջ:
Ցուցակին վրայ տեղ գտած են նաեւ Մեքսիքօն` եօթ սպանութիւն,, Աֆղանիստանը` 6 եւ Հնդկաստանը` 3:
Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է լրագրողներու սպանութեան 2 պարագայ` այնպէս, ինչպէս Չինաստանի, Պանկլատեշի, Եմէնի, Պաղեստինի եւ Պուրքինա Ֆասոյի մէջ: