Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերականգնման աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ան մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային բախումներու շարունակութեան նկատմամբ` երկու կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու:
Իրանի ներկայացուցիչը ընդգծած է տագնապի խաղաղ լուծման որոնման անհրաժեշտութիւնը:
Խաթիպզատէ, երկու կողմերուն կոչ ուղղելով յարգելու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է որեւէ օգնութիւն ցուցաբերելու շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար: