Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐԸ (345)

November 27, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Վարար Գետը` Հունէն  Դուրս
Յակոբ Միքայէլեան
Անցեալ օր «JFK» ֆիլմը կը դիտէի երկրորդ, կամ երրորդ անգամ ըլլալով. ԱՄՆ-ի նախագահ Քենետիի սպանութեան մասին էր, որուն գաղտնի ծալքերը ցարդ, այսինքն 1963-ի դէպքէն 58 տարի ետք, դեռ չեն յայտնաբերուած (իբր թէ): Ամիսը նոյեմբերն էր, օրը՝ ուրբաթ՝ 22 . այսինքն ասկէ մի քանի օր առաջ էր տարելիցը: Թերեւս աշխարհի մէջ չէ պատահած ոճիր մը, ան ալ քաղաքական, որ այսքան երկար տարիներու քննութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ պահանջած ըլլայ, բուն ոճրագործը եւ անոր ետին կանգնողները յայտնաբերելու, եւ յոյս չկայ որ երբեւէ յայտնաբերուի եւ պաշտօնապէս յայտարարուի: Քաղաքական ոճիրները ընդհանրապէս նոյնանման ճակատագիր կ՛ունենան. (Լիբանաի նախկին վարչապետ Հարիրիի սպանութեան պատմութիւնն ալ նոյնը չեղա՞ւ):
Կարեւորն այն է, որ շարժանկարին մէջ ուշադրութիւնս կեդրոնացաւ վաւերական ֆիլմի մը պատառիկին վրայ, որ կը հաղորդուէր հեռատեսիլէն, ուր նախագահը ճառ կ՛արտասանէր. հազիւ 15 երկվայրկեան տեւող այդ դրուագին մէջ Քենետի խաղաղութեան մասին խօսելով, կ՛ըսէր «Վերատեսութեան պէտք է ենթարկենք մեր յարաբերութիւնները Սովետական Միութեան հետ»:
Ճոն Քենետին իսկապէս կողմնակից ըլլալով խաղաղութեան, բաւական աշխատանք տարաւ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու նպատակով: Ֆիլմին բեմադրիչը յատուկ շեշտելով այս կէտը, յստակ կերպով կ՛ուզէր յուշել, թէ Քենետիի սպանութիւնը կապ ունի այս յայտարարութեան հետ:
1995-ին Իսրայէլի մէջ Իսրէալացի հրեայի մը կողմէ սպանուեցաւ վարչապետ Յիցհակ Ռապինը, Իսրայէլի վարչապետը, որ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատին հետ համաձայնութեան եզր մը գտնելու լուրջ աշխատանք տարած էր, որ պատրաստ էր 1967-ի պատերազմին Իսրայէլի կողմէ գրաւուած սուրիական տարածքներուն մեծ մասը վերադարձնել, յանուն խաղաղութեան հաստատման երկու երկիրներուն միջեւ, վերջ տալու համար փոխադարձ թշնամանքին:
Ռապինն ալ խաղաղութեան զոհ գնաց:
Պաղեստինի անուանի ղեկավար Եասէր Արաֆաթն ալ ըսին բնական մահով կեանքէ չհեռացաւ, պաշտօնապէս չհրապարակուած տեղեկութիւնները կ՛ըսէին, որ զինք թունաւորած էին: Ի՞նչ ըրած էր, Իսրայէլի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքել կ՛ուզէր:
Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատադն ալ զոհ չգնա՞ց Իսրայէլի հետ հաշտութեան ու խաղաղութեան իր համարձակ քայլերուն համար:
Պատմութեան էջերը դարձնելով հաւանաբար շատ ուրիշ օրինակներ ալ կարելի է գտնել. կարեւորն այն է, որ միջպետական խաղաղութեանց թշնամիներ կան, որոնք կը նախընտրեն որ թշնամանքներուն եւ պատերազմներուն վերջ չդրուին: Բայց, ինչո՞ւ: Պատասխանը այնքան ալ դժուար չէ՝ խաղաղութիւնը այդ մարդոց, կամ կազմակերպութեանց, նոյնիսկ որոշ պետութեանց հաշուին չի գար, կը վնասէ անոնց շահերուն:
Որպէս իմաստութիւն, յաճախ մէջտեղ կը նետուի «Խաղաղութիւն ուզողը հարկ է որ պատրաստուի պատերազմի» ասոյթը, ուրեմ՞ն: Ու հաւատալով այս գաղափարին, երկիրներ իրենց բանակները անդադար արդիական զէնքերով ու զինամթերքով կ՛ամրապնդեն: Պահանջարկը այնքան շատ է, որ զէնք արտադրող երկիրները չեն հասցներ պահանջարկները ժամանակին յանձնել յաճախորդներուն:
Որքան նմանութիւն կայ մեր նախակրթարանի դասագիրքերէն մէկուն մէջ զետեղուած գծանկարի մը, ուր էշը քալեցնելու համար, հեծեալը գաւազանի մը ծայրը ամրացած թելէն ստեպղին մը կախած է, որուն հասնելու համար, էշը կը վազէ բերանը բացած: Պետութիւններուն ալ առջեւ խաղաղութեան ուրուական «ստեպղինը» կախած են ու անոնք կը վազեն անոր հասնելու համար, անդադար զինուելով:
Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, որ այսքան տարիներէ ի վեր կը յանձնուի յանուն խաղաղութեան աշխատանք տարած մարդոց, ցարդ ի՞նչ փոխեց, կրամ մը իսկ օգուտ ունեցա՞ն այդ մրցանակներն ու մրցանակակիրները: Խօսք՝ շա՛տ, սակայն գործ՝ դժբախտաբար չկայ եւ չի կրնար ալ ըլլալ, այնքան ատեն, որ պատերազմներէն աւելի շահութաբեր գործարք չկայ աշխարհի մէջ:
(ԱԶԳ, 26-11-2021)
Previous Post

Թուրքիայի հետ հնարավոր կլինի հարաբերությունները կարգավորել, եթե նրանց ենթակա պետություն դառնանք. թուրքագետ

Next Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ‘ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ԵՒ ԶՈՀՈՒԱԾՆԵՐԸ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵՆԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ’ ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.