Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը երէկ 2018 թուականին Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Թուրքիա:
Այցելութեան աւարտին սէուտական եւ թրքական իշխանութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ երկու երկիրները իրենց վճռականութիւնը յայտնած են իրենց միջեւ գործակցութեան նոր փուլ սկսելու, եւ իրենց միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը դիւրացնելու հարցը քննարկած են` նշելով, որ Անգարա սէուտական ներդրումային ֆոնտերուն կոչ ուղղած է թրքական նոր ընկերութիւններու մէջ ներդրում կատարելու:
Նախքան Թուրքիա այցելելը, Մոհամետ պըն Սալման իշխանը այցելած էր Եգիպտոս եւ Յորդանան: